Դէպ ի մահ։ Զօհրապ եւ Վարդգէս

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Jump to navigation Jump to search
Դէպ ի մահ։ Զօհրապ եւ Վարդգէս

Երվանդ Օտյան

Ա

Պոլիսէն մինչեւ Ուրֆա, իրենց ցաւատանջ ուղեւորութեան միջոցին, երկու նահատակները, Զօհրապ եւ Վարդգէս, գուրգուրոտ ակնածանքով մը ողջունուած են Հայերուն կողմէ։ Երբ իրենց աքսորումէն երկու ամիս ետքը ես ալ նոյն ճամբով մինչեւ Հալէպ գացի, տեսայ, որ իրենց յիշատակը ամենուն մտքին մէջ դեռ վառ մնացած էր։ Գոնիա, Ատանա, Հալէպ, ամեն տեղ այդ անդրանիկ զոհերուն վրայ կը խօսէին։ Հակառակ ոստիկանական հսկողութեան` շատ Հայեր, վտանգը աչք առնելով, գացած տեսնուած էին իրենց հետ ու հիմա երկիւղածութեամբ կը վերյիշէին անոնց վերջին խօսքերը։

Ամէնուն վրայ խորին տպաւորութիւն թողած էր Զօհրապի ընկճուած վիճակը. մինչ Վարդգէս զուարթ անտարբերութեամբ եւ ծիծաղկոտ դէմքով մը կը շատախօսէր իրենց մօտեցողներուն` Զօհրապ հազիւ լռութիւնը կը խզէր քանի մը խօսք արտասանելու համար։ Ամբողջ ժամեր անընդհատ կը ծխէր, մտածմունքի մէջ ընկղմած։

Վարդգէս, միշտ լաւատես, կը ջանայ եղեր մխիթարել ու սրտապնդել իր բարեկամը, բայց ի զո՜ւր։

— Մեզի մեռցնել կը տանին,— կը կրկնէ եղեր Զօհրապ։

Հալէպի մէջ, Պառօն Օթելի տէրը` Պ.Մազլըմեան, քանիցս ճաշի կը հրաւիրէ երկու տարագիրները, որովհետեւ հոն գտնուած ատեննին բաւական լայն ազատութիւն տրուած է եղեր իրենց։ Տիկին Մազլըմեան պատմած է ինծի, թէ սեղանին վրայ ախորժակով կուտէր Վարդգէս, մինչդեռ Զօհրապ հազիւ քանի մը պատառ կառնէր, ան ալ ստիպումներով։ Յաճախ լալով կը յիշէր իր կինն ու զաւակները։

Զօհրապ իր ձերբակալման պարագաները պատմած է Պ.Մազլըմեանի։ Կարժէ, որ յիշենք զանոնք։

Ձերբակալման գիշերը Զօհրապ Սէրքլը տրիանի մէջ մինչեւ կէս գիշեր թուղթ խաղացեր է Թալէաթ փաշայի եւ Խալիլ պէյի հետ։ Յետոյ ոտքի կելլէ մեկնելու համար։ Թալէաթ ինքն ալ ոտքի կելլէ ու մօտենալով Զօհրապի` անոր երեսը կը համբուրէ։

Համակրանքի այս անսովոր ցոյցը կը շփոթեցնէ Զօհրապը։

— Ինչո՞ւ համար այս համբոյրը,— կը հարցնէ։

— Սրտէս բխաւ,— կը պատասխանէ միւսը։

Զօհրապ դուրս կելլէ սրահէն չափազանց յուզուած։ Նախազգացումը կունենայ, թէ այդ համբոյրը աղետաւոր նշան մըն է։

Դուրսը տաք ու գեղեցիկ գիշեր մըն էր։ Կորոշէ հետիոտն երթալ մինչեւ իր` Այազ Փաշայի բնակարանը։

Հազիւ ճամբա ելած` կը նշմարէ, որ մէկը կը հետապնդէ զինքը։ Պահ մը կը խորհի, որ թերեւս սխալ ենթադրութիւն մըն է ըրածը եւ փողոցին միւս կողմը կ անցնի։ Մարդն ալ կը հետեւի իրեն։ Զօհրապ քայլերը կ արագէ, նոյնը կ ընէ զինքը հետապնդողը, վերջապէս` անհամբեր ետին կը դառնայ եւ կըսէ.

— Արդեօք զի՞ս կը հետապնդէք։

— Այո,-կը պատասխանէ միւսը, որ ոստիկանութեան քօմիսէր մըն է եղեր։

— Ինչո՞ւ համար...

— Այնպէս հրաման եղած է ինծի։

— Գիտէ՞ք, թէ ես ով եմ։

— Այո, Զօհրապ էֆէնտին։

— Բայց սխալմունք մը ըլլալու է,— կը գոչէ խեղճը,— ես հիմա Ներքին Գործոց նախարարին հետ էի...

— Կրնայ ըլլալ, բայց ինծի տրուած հրամանը բացարձակ է եւ ստիպուած եմ հպատակելու։

Զօհրապ, ճարահատ, ճամբան կը շարունակէ ու կը հասնի բնակարանը, որուն դրան առջեւ ոստիկան մը կը սպասէր։ Քօմիսէր եւ ոստիկան ափարթըմանին սանդուխներէն վեր, կը հետեւին իրեն։

— Ի՞նչ է ձեզի տրուած հրամանը,— կը հարցնէ Զօհրապ։

— Ձեզ ոստիկանատուն տանիլ։

— Հիմա՞, անմիջապէ՞ս...

— Այո, անմիջապէս։

— Եւ եթէ երթալ չուզիմ։

— Այն ատեն բռնի պիտի տանինք։

— Չէ՞ք գիտեր, որ ես մէպուս եմ։

— Գիտենք, բայց մեզի տրուած հրամանը բացարձակ է։

Քօմիսէրը կը յայտնէ նաեւ, որ հետեւեալ առտու իսկ, այսինքն քանի մը ժամէն, ճամբայ պիտի ելլէ, հետեւաբար անհրաժեշտ գոյքերը կրնայ հետը առնել։

Զօհրապ կը մտնէ իր բնակարանը, ձայն կուտայ իրեններուն, եւ ափյափոյ պայուսակ մը պատրաստելէ ետքը կուգայ կը յանձնուի երկու ոստիկաններուն, իր կնոջ ու աղջկան ողբ ու կոծին միջեւ։

Նոյն միջոցին եւ քիչ մը տարբեր պայմաններու մէջ կը ձերբակալուի նաեւ Վարդգէս, եւ առտուն կանուխ երկուքը միասին կը բերուին Հայտար Փաշայի կայարանը։ Իրենց կընկերանան եղեր ոստիկան մը եւ սիվիլ հագնուած լրտես մը։

Ոստիկանը կ ուզէ երրորդ կարգի վակօնի մը մէջ մտցնել երկու աքսորականները, Վարդգէս եւ Զօհրապ կ ընդդիմանան։ Ոստիկանը կը պնդէ, առարկելով, թէ վակօնը յատկապէս պատրաստուած է իրենց հաամար։ Երկու տարագիրները ձայն կը բարձրացնեն ու կը պահանջեն, որ առաջին վակօնով մը տարուին։

Երկու կողմէն ձայները հետզհետէ կը բարձրանան։ Ի վերջոյ Զօհրապ գրպանէն 25 ոսկինոց թուղթ մը կը հանէ, ոստիկանին կուտաայ եւ կ ըսէ, որ առաջին կարգի չորս տոմսակ առնէ իրենց համար։

— Եթէ ոչ,— կ ըսէ,— տեղ մըն ալ չեմ երթար։

Ոստիկանը կը ստիպուի տեղի տալ, անշուշտ 25 ոսկիէն աւելցած գումարն ալ գրպանելու յոյսով։

Ու այսպէս ճամբորդութիւնը կը կատարուի առաջին կարգով։

Հայտար Փաշայի կայարանին Հայ պաշտօնեաները ճանչնալով Զօհրապը, կ երթան իմաց տալու Պ. Անտօն Թարաքի, որ կը փութայ վար իջնել, առանց գիտնալու, թէ Զօհրապ ինչ պարագաներու տակ կը ճամբորդէ։ Այս վերջինը, երբ կը նշմարէ Պ. Թարաքը, որ դէպի իրեն կուգայ, ձեռքովը նշան կ ընէ, որ չմօտենայ։ Պ. Թարաք, որ վերադարձիս այս մանրամասնութիւնը պատմեց, աւելցուց.

— Խեղճ Զօհրապը չափազանց յուզուած, տժգոյն եւ ընկճուած տեսայ։

Վակօնին անկիւնը քաշուած, լուռ ու մունջ, անընդհատ կը ծխէր, մինչեւ կառախումբին ճամբայ ելլելը։

Բ

Գոնիա հասնելնուն` երկու տարագիրները ընդունուած են մէկ քանի Հայերու կողմէ, որոնք փութացած են իրենց ձեռքէն եկած օգնութիւնը ընելու, հակառակ սպառնացող վտանգին։

Ոստիկանները թոյլ տուած են տեսակցիլ պայմանաւ, որ թուրքերէն խօսին։ Այդ պայմանին տակ բնականաբար խօսակցութիւնը շատ աննշան եղած է։

Ատանա նոյնպէս հայրենակիցներ, իմանալուն երկու ծանօթ Հայերուն ժամանումը, փութացած են կայարան։ Իրենցմէ մէկը, Միհրան Պօյաճեան, ծանօթ վաճառական մը, մօտակայ կայարանի մը համաար տոմսակ առնելով, յաջողած է Զօհրապի ու Վարդգէսի հետ տեսակցիլ հայերէն լեզուով, եւ հարցնել, թէ ի՜նչ ծառաայութիւն կրնայ մատուցանել իրենց։

— Մեր ընտանիքներուն լուր տուէք ասկէ անցնելնիս, ըսած է Զօհրապ,— ուրիշ ծառայութիւն չենք սպասեր ձենէ։

— Դրամի եթէ պէտք ունիք, յայտնեցէք։

— Չէ, շնորհակալ ենք, դրամի պէտք չունինք առ այժմ։

— Ո՞ւր կը տանին ձեզ։

— Տիարպէքիր, դատուելու համար, բայց չեմ կարծեր, որ մինչեւ այնտեղ հասնինք։

Եւ Վարդգէս զուարթ ձայնով աւելցուցած է.

— Տիարպէքիրի բանտը արդէն ծանօթ է ինծի, աղէկ բանտ մը չէ, բայց աւելի գէշերը կան։ Կը տեսնաք սա գորգը, Տիարպէքիրի բանտին մէջ իմ ընկերս եղած է, հիմակ ալ միասին կերթանք կոր։ Հին բանտակիցներ ենք։

Հալէպի մէջ, ինչպէս լսի, Զօհրապ եւ Վարդգէս բաղդատաբար բաւական ազատութիւն վայելած են, շնորհիւ կուսակալին, որ Զօհրապի հին ծանօթ մըն է եղեր։

Այդ ազատութենէն օգտուելով` տեղացի մէկ քանի հայեր ծրագիրը կը յղանան փախցնելու երկու տարագիրները։

Յանդուգն ծրագիր մը թէեւ, բայց ոչ անգործադրելի։ Արաբ ուղտապաններու միջոցաւ երկու աքսորականները Պէյրութ կամ Տրիպոլիս փոխադրել կառաջարկեն ու հոնկէ նաւով Կիպրոս անցնիլ։ Այդ միջոցին Սուրիական ծովեզերքներու վրայ հսկողութիւնը շատ խստացած չէր ու այդպիսի փախուստ մը կրնար յաջողիլ։ Վարդգէս հաւանութիւն կը յայտնէ, սակայն Զօհրապ կընդդիմանայ ու բացարձակապէս կը մերժէ, առարկելով, թէ իր առողջութիւնը չի ներեր այդպիսի արկածախնդրութեան մը մէջ նետուիլ։

— Եթէ կ ուզես` դուն փախիր,— կ ըսէ Վարդգէսին։

Բայց Վարդգէս չհաւանիր երբեք իր բարեկամը լքանելու։

— Ինչ որ ալ ըլլայ, քենէ չեմ բաժնուիր,— կը պատասխանէ։

Զօհրապ ան ատեն կը մտածէ դիմում ընել Ճէմալ փաշայի եւ անոր աջակցութիւնը խնդրել եւ այս մտքով գիր մը կ ուղղէ Սուրիոյ դիկտատորին։ Զօհրապի այդ վերջին գրութիւնը, պերճախօս թուրքերէնով մը գրուած, ինչպէս ինծի հաւաստեց Պ.Մազլըմեան, անպատասխանի եւ ապարդիւն կը մնայ եւ վերջապէս երկու աքսորականները Հալէպէն ճամբայ կ ելլեն դէպի Ուրֆա։

Չեմ գիտեր, թէ որչափ կը մնան Ուրֆա, թերեւս մէկ երկու օր միայն ու հոնկէ կառքով կը մեկնին դէպ ի Տիարպէքիր, միշտ ոստիկանական հսկողութեամբ։

Ահռելի եղեռնը տեղի կունենայ Ուրֆայէն քանի մը ժամ անդին։ Թուրք չէթէներու խումբ մը կը պաշարէ կառքը։ Չէթէներու պետը, ինչպէս լսեցի Հալէպի մէջ, Խալիլ պէյը եղած է, Էնվէրի մէկ ազգականը, որ յետոյ Պաղտատի թրքական բանակին հրամանատար կարգուեցաւ, անշուշտ Զօհրապն ու Վարդգէսը սպաննելու քաջագործութեանը իբրեւ վարձատրութիւն։

Ոճրագործները կառքը կը կեցնեն եւ կը հրամայեն երկու աքսորաականներուն կառքէն վար իջնել։ Զօհրապ կ իջնէ, մինչ Վարդգէս կը պօռայ.

— Ոչ, վար չեմ իջներ, կառքին մէջ մեռցուցէք զիս։

Այսպէս կը նահատակուին Զօհրապ եւ Վարդգէս, հայ ազգին երկու ազնուական զաւակները։

Կառապաանը, որ ինքզինք թուրք կեղծող հայ մըն է եղեր, կը վերադառնայ Հալէպ եւ ինք է, որ պատմած է եղելութիւնը իր մանրամասնութիւններով։

Չէթէները` բնականաբար` կը կողոպտեն իրենց զոհերը։

Զօհրապի նշանտուքի մատանին ու ժամացոյցը ծախուած են Հալէպի մէջ։ Իր ֆէսը, կը գտնուի եղեր, չեմ գիտեր ինչպէս, միսիօնարուհիի մը քով։

Վարդգէսէն որեւէ հետք չէ մնացած։

Թող իրենց յիշատակը անջինջ մնայ ամենուս մտքին մէջ։

1918