Զարմացում
Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
| Զարմացում հեղինակ՝ Լևոն Զավեն Սյուրմելյան |
Պարտէզները՝ հարս, ծաղիկնին կու լան
Միսի պէս խոնաւ, տաք հողին վըրայ.
Շուքերն ալ, ինչպէս աղջիկ կ՚ամըչնան՝
Առուակին արծաթ հայլիին վըրայ։
Լուսինը՝ մաշած, հին ոսկեդըրամ,
Աւազանին մէջ ինկած կը հալի.
Ինծի հետ՝ վարը թուփ մ՚ալ կը մըսի.
Մայիսի անուշ սարսուռ մը կ՚զգամ։
Խաղաղ ու ծանըր՝ սըրինգի՜ գիշեր.
Ա՛յ տըղայ, այլ եւս հինը մի՛ յիշեր,
Պարպըւած սի՛րտըդ լեցո՛ւր նոր կեանքով.
― Բայց ի՞նչ. մոռցե՜ր եմ զայն ուրիշին քով...։
(1922)

