Էջ:Երջանիկ մահը.djvu/2

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

97

ԵՐՋԱՆԻԿ ՄԱՀԸ

է, ըսաւ, էն գեղեցիկ մահը․ երիտասարդի մը կարծիքին նայելով՝ ռէվոլվէրի գնդակն էր ուղեղին մէջ․ ուրիշ մը՝ ծովահեղձ ըլլալը ամենէն քիչ տանջանք տուող վախճան մը ըլլալուն վրայ պնդեց․ քլորոֆորմը երկու կուսակից գտաւ։

Բնութեան ու գիտութեան հնարած բոլոր միջոցները զատ-զատ քննուեցան ու քննադատուեցան․ ամէնքն ալ իրենց աղէկ ու գէշ կողմերը ունեին։

Տօքթօռը ինքը, մտիկ կ՚ընէր ամենուս, առանց բառ մը արտասանելու․ վէճը կ՚երկարեր ու համաձայնութեան մը գալէ հեռու էինք։

— Ես,— ըսաւ Տօքթօռը, խոսքերնիս կտրելով, ամենէն քաղցր մահը տեսայ, բայց չեմ կրնար պնդել որ ամէն անգամ մարդս կրնայ զայն իր ձեռքին տակ ունենալ․ մէկ հատիկ մահն էր ասիկա, զոր իմ տեսած հազարաւորներուս մէջէն, ոչ միայն ամենէն հեշտն էր կրնամ ըսել, այլ իրօք քաղցրն ու երջանիկն էր։

Պատմութիւն մը ունէր լեզուին ծայրը․ խելօք կեցած տղոց պէս մտիկ ըրինք զինքը։

Բ.

Տասը տարի կայ անկէ ի վեր․ Բարեկենդանի գիշեր մը իմ դրացիներէս մէկուն տանը մէջ երեկոյթ մը կար․ տիկին… անունը պէտք չէ ձեզի, այնպէս չէ՞, քառասունը հազիւ թեւակոխեր էր, բայց երեսունը հինգ տարու չէր ցուցներ վրայէն․ այն շատ հաւնուած ու շատ սիրուած կնիկներէն մէկն էր, որոնց սերունդը հետզհետէ պակսելու, անհետանալու վրայ է մեր մէջ․ իր մասին պատմուած առասպելներու վրայ ամենէն առաջ եւ ամենէն շատ խնդացողը ինքն էր։ Սուտ պարկեշտութիւններու, կեղծաւոր կարմրութիւններու կինը չէր այն կինը․ գլխէն մինչեւ ոտքը ամեն բան խիզախ ու համարձակ էր վրան։

— Աղվոր կուրծք մը չունեցողները միայն decollete-ին թշնամի են, - կ՚ըսեր խնդալով, եւ յօժարակամ կը պարզէր իր լանջքին կոհակները քոռսէին բացուածքէն։

Էրիկը, ծերունի մը, հայր մը գրեթէ տարիքով, հօր մը թոյլտւութիւնները, ազատութիւնները թողած էր անոր։ Էն աղուոր երիտասարդները, էն շնորհքով մարդիկը իր շուրջն էին, թիթեռ-