Էջ:Երջանիկ մահը.djvu/3

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

98

ԺՈՂՈՎԱԾՈՒ

թիթեռ պէս դառնալով, երբեմն էրելով մրկելով, իր ջերմ ու կիզիչ մթնոլորտին մէջ։

Բոլոր կիները չէին քաշեր զինքը, կը նախանձէին, կը չարախօսէին իր վրայ․ անոր համարձակ վարմունքը իրենց պարտկուած մեղքերուն, իրենց շինծու ամօթխածութեանը դեմ պայծառ արեւի մը հալածիչ լոյսին կը նմանէր՝ խպնոտ ստվերներու վրայ սփռուած։

Ասոր հետ մէկտեղ, երբեք չէին պակսեր անոր տունէն, անոր երեկոյթներէն, ուր էն աղուոր, էն զուարթ, էն նրբամիտ ընկերութիւնը գտնելուն ապահով էին։

Ատեն ատեն կը կանչէին զիս այս տունէն, տիկնոջ համար որ մարելիքի պէս տագնապներ կ՚ունենար երբեմն։ Առջի քննութենէս՝ սրտի հիւանդութեան մը հաստատ նշանները գտեր էի վրան, բայց զինքը չխռովելու համար բաւականացեր էի ըսելով․

— Բան մը չեն ասոնք, պարզ ջղային անհանգստութիւններ։

Գլխաւոր բանը քիչ մը հանդարտ կեանք վարելու պէտքն էր․ այս եղաւ իմ պատուէերս ալ․ բայց ո՞վ մտիկ կ՚ըներ ինծի։

Օր մը նեղացայ։

— Տիկին,- ըսի,- պարապ տեղը երթալ գալէն չեմ ախորժիր․ քանի որ իմ պատուիրած բանս չէք ըներ, պէտք չկայ որ զիս կանչէք ուրիշ անգամ․ աւելի հաճոյակատար բժիշկի մը դիմեցէք, խնդրեմ։ Հիւանդս հասկցաւ, եւ որովհետեւ մտքի ու սրտի տէր կին մըն էր, իսկոյն ներում խնդրեց այնպիսի քաղցր ու անուշ ձայնով մը, որուն դէմ կենալու էն քարսիրտ մարդն անգամ կարող չէր։

— Ձեր աղէկութեան համար է իմ պահանջումս․ չեմ կրնար առողջութեան բոլոր կանոններուն հակառակ ձեր վարած կենցաղին աւերումները տեսնել եւ լուռ կենալ, չեմ կրնար ձեզ չարգիլել այս կեանքը շարունակելէ։

— Օր մը աւելի՞ ապրելու համար, Տօքթօռս,- պատասխանեց ինծի ժպտալով,- օր մը աւելի՞ տառապելու համար․ եւ բռնելով ձեռքս, ստիպելով զիս որ քովը նստիմ, երբ ես մեկնելու կը պատրաստվեի արդէն, շարունակեց․

— Դուք, բժիշկներ, կեանքը երկարացնելու աշխատող մարդիկ, կիներուն՝ այս հէգ էակներուն կեանքը պահպանելու մի՛ աշխատիք, քանի որ չէք կրնար այդ կեանքը իր թարմութեան,