Էջ:Երջանիկ մահը.djvu/7

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

102

ԵՐՋԱՆԻԿ ՄԱՀԸ

թիւնը չփճացուց իր շնորհները․ պաշտելի ու պաշտուած կինը մնաց մինչեւ վերջի վայրկեանին ու ընդհանուր զմայլումով մը ողջունուած, իր սիրած տղուն թեւին վրայէն գնաց հեռացաւ անիկա։ Բաժակի մը պէս, որ կոչունքի մը սեղանի վրայ, ցնծութեան մաղթանքներու, բախումներու մէջ կը փշրուի, փոխանակ դուրսը սպասաւորներու ձեռքով, լուացքի աղտոտ ջուրին մէջ օր մը կոտրելու անհետանալու, այս կինն ալ էն շնորհագեղ պատկերի մը մէջ գերագոյն երջանկութիւնը զգացած ու պարգեւած ժամուն անհետացաւ։