Կռուի երթ

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից

Կռուի երթ

հեղինակ՝ Լևոն Զավեն Սյուրմելյան



Կը քալե՜ն, կը քալե՜ն, կը քալե՜ն անընդհատ,
Բիւրաւոր ոտներու մահազարկ աղմուկով,
Արիւննին թունաւոր, ուժասպառ ու քնատ,
Այսահար ու անխօս՝ կը քալեն քովէ քով։

Սարսափած աչքերով իրարու կը նային,
Մրոտած ու մազոտ դէմքն իրենց չի խնդար։
Կը քալե՜ն, կը քալե՜ն, կը քալե՜ն փոշիին
Հովուն մէջ՝ ռնգաբաց... Չկայ վերջ ու դադար։

Սրտերնին պինդ սեղմած զէնքերու կոթերուն,
Արնալիճ աչքերով, անծիծաղ ու հսկայ
Զինուորներ անծանօթ, մահակիր, ու անքուն,
Կը քալե՜ն, կը քալե՜ն, կը քալե՜ն - դէպի մա՛հ։


(1924)

Անձնական գործիքներ