Փափաք

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից

Փափաք

հեղինակ՝ Լևոն Զավեն Սյուրմելյան



Կ՚ուզեմ որ ըլլամ ցորենի արտին
Ծաղիկը կարմիր՝ գաւա՛թ արեւին.
Հասկերու բաշին մէջ պահուած ճըպուռ՝
Խըմե՜մ կէսօրուան լոյսը լիաբուռ։

Ըլլա՜մ գիւղի հին կամուրջ մը փայտէ.
Մամռապատ աղբի՛ւր մ՚որ հազիւ կ՚երգէ.
Գեղջուկին կաւէ ամանը բարի՝
Որ քաղքի ծարաւն ա՛լ մէջըս մարի։

Ըլլա՜մ կուրծքի խաչն աղջըկան բոպիկ.
Բակի լակոտ մը՝ նայո՜ղ հանդարտիկ.
Փուշի մը ներքեւ աղօթեմ ու լամ՝
Որ քիչ մը գոնէ իմ ցաւըս մոռնամ։

Այլեւըս, Աստուա՛ծ, արտին մէջ ըլլամ։


(1922)