Քաղաքավարութեան վնասները

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Քաղաքավարութեան վնասները

Հակոբ Պարոնյան

[ 6 ]

ՔԱՂԱՔԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎՆԱՍՆԵՐԸ


Բռնաւոր մը կայ որ գեղեցիկ անուան տակ ծածկուած զմեզ գերութեան կը դատապարտէ։ Նոյն իսկ այն առանձնաշնորհմանց մէջ զորս մեր կամքն կը շնորհէ մեզ և որոց չհակառակիր օրէնքն։ Այս բռնաւորը բնութեան ալ կը հակառակի և թոյլ չտար անոր որ ազատ համարձակ գործէ մարդ էակին վրայ։ Այս բռնաւորը քաղաքավարութիւնն է։ Այս բռնաւորին հակառակողները անկիրթ կ՚անուանուին յանիրաւի։

Այս քաղաքավարութիւնն քաշուելու բան չէ մանաւանդ անոնց համար որ կը սիրեն և տրամադրութիւն ունին բնութեան օրինաց հետեւիլ, և այս ընթացքով երջանկութիւն գտնել։ Հասկցնելու համար թէ որչափ կը չարչարուին, կը հարստահարուին այս խեղճերն, արժան կը դատենք քանի մր օրինակներ մէջ բերել։

Բարեկամներէդ մէկուն անուան տօնախմբութեան ներկայ գտնուիլ կը փափաքիս։ Ընթրելէն յետոյ կ՚ելլես բարեկամիդ տունը կ՚երթաս ուր սիրալիր ընդունելութիւն մը կը գտնես։ Մէկ ժամու չափ նստելէն ետքը աչքերդ կ՚սկսին գոցուիլ, և կ՚ուզես բազմոցի վրայ ընկողմանիլ։ Ախորժակով ընթրած ըլլալով՝ գօտիդ քիչ մը թուլցնելու կամ քակելու պէտք կ՝զգար։ Հրաւիրելուց առջեւ ասանկ պէտք մը զգալն հակառակ է [ 7 ] քաղաքավարութեան։ Քունը երթալով կը ծանրանայ արտեւանանցդ վրայ։ Բազմութեան մէջ եկող քունն անկիրթին մեծն է, վանել հարկ է այդ քունը։ Բնաւթիւնը «քնացի՛ր» կ՚ըսէ, քաղաքավարութիւնը «մի՛ քնանար» կը պոռայ։

Փորձէ և քիչ մը քնացի՛ր։

Տան տէրը գլխուդ վրան կը տնկուի։

— Ինծի նայեցէ՛ք, կը պոռայ ապասաւորներուն, քիչ մըջուր բերէ՛ք Պապիկ աղային։

— Չէ, չէ, չեմ ուզեր ջուր։

— Ինչո՞ւ կը քնանաք, Պապիկ աղա։

— Նստած տեղս քունս եկաւ, ներեցէ՛ք։

— Մեզմէ չախորժեցար։

— Քաւ լիցի։

— Ուրիշներուն տունը մինչեւ առտու կը նստիք, մեր տունը շուտ մը կը քնանաք։

— Շատ կերայ այս գիշեր, այդ պատճառաւ․․․։

— Ոչ աս է ոչ ան, կ՚ըսէ տան տիկինը, մեր տունն աղէկ զբօսում չկայ, անոր համար․․․։

— Կ՚աղաչեմ, մի՛ խօսիք այդպէս։

— Ուրիշ տուն մը գտնուէիք նէ՝ հարկաւ ա՛լ աւելի պիտի զբօսնուիք և զուարճանայիք։

— Սիկարա մը բերէք Պապիկ աղային, կը հրամայէ տան տէրը։

— Խնձոր մը ոտկեցէք Պապիկ աղային , կը հրամայէ տան տիկինը։

— Շնարհակալ եմ։

— Խահուէ մը եփեցէ՛ք։ [ 8 ] —Թէյ մը բերէ՛ք։

—Ելի՛ր սանկ քիչ մը պարտէ, Պապիկ աղա, որ քունդ փախչի։

—Եկո՛ւր սքանպիլ մը խաղանք որ չքնանաս, կը պոռայ անդիէն ուրիշ մը։

—Շնորհակալ եմ՝ դուք քէյֆներնուդ նայեցէ՛ք։

—Չըլլար, սքանպիլ մը պիտի խաղամ քեզի հետ։

Պապիկ աղան չկրնար դիմադրել։ Կ՚սկսի սքանպիլ խաղալ, հազիւ կը խաղայ երեք քառորդ և ահա քունն վերստին կուգայ։

—Մի՛ քնանար, Պապիկ աղա։

—Չեմ քնանար կոր։

—Կը քնանաս կոր , Պապիկ աղա։

—Չեմ քնանար կոր։

—Եթէ կ՚ուզես բօլքա մը պարէ՛ որ քունդ փախչի։

—Բօլքա չեմ գիտեր։

—Կը սորվիս։

—Թո՛ղ տուէք զիս, Աստուածնիդ սիրէք նէ, անդիի սենեակը կ՚երթամ կը քնանամ քիչ մը։

—Անկարելի բան է։ Տօնախմբութեան մէջ կը քնացուի՞։

Բռնութեամբ պարի կը հանեն Պապիկ աղան որ մաքէն իրարու ետեւէ կը շարէ այն խօսքերը զորս բարկութիւնը արտասանել կուաայ մեզ նմանօրինակ պարագայից մէջ։

Պարը կը վերջանայ։ Պապիկ աղային քունը կը փախչի։ [ 9 ] Մէկ երկու ժամէն հրաւիրեալները ոտքի կ՚ելնեն մեկնելու համար։ Պապիկ աղան ալ կ՚ելնէ և տուն կը դառնայ։ Անկողին կը մտնէ չկրնար քնանալ, քունն անդառնալի կերպով փախած է։ Կ՚ելնէ անկողինէն քիչ մը կը կարդայ որ քունը գայ․ չգար։ Ուրիշ քնաբեր գիրք մը կ՚առնէ, հնար չէ քնանալ նոյն իսկ եթէ․․․ «Օրուան կեանքը» կարդայ։ Այսպէս Պապիկ աղան մինչև առտու կը տապլակի անկողնոյն մէջ՝ և կ՚սկսի այն ատեն քնանալ ուր ամէն մարդ կ՚արթննայ և գործի կ՚երթայ։

Ահաւասիկ քաղաքավարութեան արդիւնքը։

— Թող չերթար էֆէնտիմ, թող տունր նստէր, պիտի առարկուի մեզ։

Միթէ մարդս իր տան մէջ աւելի՞ ագատ է։

Փորձենք։

Իրիկունը տունդ կը դառնաս, հագուսաներդ կը հասնեա և գիշերազգեստդ կը հագնիս և սենեակիդ մէկ անկիւնը կը քաշուիս ու կը նստիս։ Քիչ մը կ՚անցնի, կերակուրի սեղանը կը դրուի։ Կինդ, հայրդ, մայրդ, զաւակներդ, եղբայրներդ, քոյրերդ , թոռներդ կ՚առնես և վար կ՚իջնաս ընթրելու։ Սեղասնէն կ՚ելնես, խահուէդ կը խմես և սանկ կ՚երկննաս բազմոցիդ վրայ։

— Չաթ, չաթ, չաթ․․․։

— Վա՜աայ․․․ հի՞ւր է արդեօք․․․։

— Չաթ, չաթ, չաթ․․․։

— Ո՞վ մտիկ պիտի ընէ ասոնք նա․․․ Ըսէք որ հոս չեմ․․․։ [ 10 ] — Չըլլար պատուհանէն տեսան։

— Չաթ, չաթ, չաթ․․․։

— Վերը տարէ՛ք և ըսէ՛ք որ Պապիկ աղան անհանգիստ է այսօր։

— Չաթ, չաթ․․․։

— Դուռը կը բացուի։

— Վեր հրամմեցէք, վեր հրամմեցէ՛ք։

Հիւրերը վեր կ՚ելնեն։

Պապիկ աղան վստահ է ա՛լ թէ փորձանքն անցուց։

Կէս Ժամ կ՚անցնի չանցնիր Պապիկ աղային դուռը կը բացուի և հիւրերէն մին ներս կը մտնէ։

— Պապիկ աղա։

— ․․․։

— Ձայն չկայ, արդե՞ք կը քնանա՞յ կոր․․․ Պապիկ աղա․․․։

— ․․․։

— Կը քնանայ կոր։

Պապիկ աղան արթուն է։

— Արթնցնենք․․․ Պապիկ աղա, Պապիկ աղա․․․ ըսելով հանդերձ կը հրէ կը հրմշտկէ Պապիկ աղան որ արթննայ։

Պապիկ աղային ճարը կր հատնի, կ՚արթնայ։

— Դո՞ւք էք, մօսիօ Բօլ։

— Ես եմ․․․ անցած ըլլայ։

— Շնորհակալ եմ։

— Տիկինն ըսաւ թէ անհանգիստ էք։

— Այո՛, շատ անհանգիստ եմ։ [ 11 ] — Թէ գլխու ցաւ ունի՞ք։

— Այո՛։

— Ես ալ ըսի որ երթամ նայիմ անգամ մը Պապիկ աղան, չըսէ թէ մեր տունը եկեր է ու չէ ուզեր քովս գալ։

— Շնորհակալ եմ։

— Ինչպէ՞ս եղաւ, որ գլխու ցաւ ունեցաք։

— Իրաւ որ չեմ գիտեր․․․ ահ չեմ կրնար գլուխս բռնել․․․ կ՚աղաչեմ, վեր գացէ՛ք դուք, ինծի համար անհանգիստ մի՛ ըլլաք․ քիչ մը քնանամ նէ՛ կ՚անցնի։

— Չէ էֆէնտիմ, չէ, քնանալով չանցնիր։ Էնքսէյիդ քէօքը քիչ մը հարտալ պատցնենք. սա հարտալը բերէք․․․։

— Չեմ ուզեր բարեկամ։

— Դուն չիյտես․ սա հարտալը բերէք․․․։

Հարտալը կը բերեն… մօսիօ Բօլ էնքսէյին քէօքը կը դնէ հարտալը։

— Քիչ մըն այլ լիմոն բերէ՛ք։

— Թող մնա ճանըմ։

— Քիչ մը լիմոն բերէ՛ք, հիւանդին խօսքը մտիկ չըլլսուիր։

Լիմոնը կը բերեն և ճակտին վրայ կը կապեն․․․։

— Քիչ մը րօմ բերէ՛ք։

— Րօմը ի՞նչ պիտի ընես։

— Բերէ՛ք քիչ մը րօմ, շուտ եղէք։

— Թող մնայ, քուզում, պապամ, թո՛ղ մնայ պէ, ուո՜ւֆ․․․։ [ 12 ] — Շուտ ըրէք րօմը բերէ՛ք։

Րօմ կը բերուի։ Մօսիօ Բոլ րօմով կը շփէ Պապիկ աղային գլուխը։

— Անցա՞ւ քիչ մը ցաւը։

— Ոչ։

— Րախը բերէք, րախը․․․ շուտ․․․։

— Չեմ ուզեր, մօսիօ Բոլ ճիյէրս․․․։

— Րախը․․․ կրակին մէջ տաքցուցէք․․․։

— Տաքցուցինք․․․։

— Պապիկ աղա, շոգին քթիդ քաշէ՛։

— Քաշեցի։

— Թեթեւցաւ քի՞չ մը ցաւը։

— Ոչ։

— Ջուր տաքցուցէ՛ք․․․ ոտքերը մէջը դրէ՛ք․․․։

— Չէ ճանըմ․․․

— Ջուր պաղեցուցէք․․․ գլուխը մէջը դրէ՛ք․․․։

— Անցաւ մօսիօ Բոլ, անցաւ․․․

— Չանցնի պիտի տէ ի՞նչ պիտի ընէ, ինծի մօսիօ Բօլ կ՚ըսէն․․․։

— Կեցիր հագուիմ ու վեր երթանք։

— Աղէկ որ եկայ։

— Շնորհակալ եմ։

— Եթէ չի գայի մինչև առտու պիտի քաշէի՞ր այս ցաւը։

— Այո՛։

— Եւ պիտի ըսէիր թէ մօսիօ Բօլը քովս չեկաւ։ [ 13 ] — Այո՛։

— Շուտ ըրէ՛, հագուէ՛ ուրեմն։

— Հիմայ։

— Պապիկ աղան կը հագուի ու վեր կ՚ելեէ։

— Օօ՜՛ Պապիկ աղայ, անցած ըլլայ։

— Անցած ըլլայ Պապիկ աղա։

— Ինչպէս էք, Պապիկ աղա։

— Շնորհակալ եմ։

— Այս գիշեր ձեզի անհանգիստ ըրինք։

— Ընդհակառակն, գլխուս ցաւն անցաւ։

— Խօսեցէ՛ք նայինք, Պապիկ աղա։

Պապիկ աղա, հակառակ իւր կամաց կ՚սկսի խօսիլ։

Հիւրերը կը նստին այնչափ որչափ որ պէտք է Պապեկ աղային քունը բաւական հեռու հալածելու համար և կը մեկնին։

Պապիկ աղան բաժնուած իր քունէն՝ մինչև առտու հիւրերն անիծելով կը տքնի։

Ի՞նչ ընէ այս մարդն։

ի՞նչպէս կեանք վարէ քաղաքավարութեան այս զոհն։

Շարունակենք․

Պապիկ աղան ստիպողական գործ մը ունի և կ՚ստիպուի մէկ կողմէ գործին վազել և միւս կողմէ պանիր սւ հաց ուտել փողոցի մէջ։

Քաղաքավարռւթիւնը կ՚արգիլէ փողոցի մէջ անօթենալը։ Կ՚ուզէ բարեկամի մը խանութը մտնել և հոն ճաշել իր պանիրն ու հացը։

Քաղաքավարութիւնը միշտ կը պոռայ թէ՝ բարեկամի մը խանութը ճաշարան չէ։ [ 14 ] Պապիկ աղան խօսք տուած է մէկուն. ժամադիր եղած է մէկու մը հետ։

Թո՛ղ անօթի երթալ ժամադրութեան տեղը՝ կ՚ըսէ քաղաքավարութիւնը։

Պապիկ աղան կը հնազանդի։ Նոյն օրն անօթի կ՚անցունէ և իրիկուան տուն կը դառնայ թեթև տկարութեամբ։

Այս ապաշխարանքին փոխարէն մարդկութիւնն ի՞նչ վաբձատրութիւն կ՚ընէ Պապիկ աղային որ քաղաքավարութեան դէմ չմեղանչելու հասմար օր մը ծոմ պահեց։ Ոչինչ․ ո՞վ իմացաւ Պապիկ աղային այս զոհողութիւնն։ Ոչ ոք։ Բայց, Աստուած չընէ, եթէ փողոցն ուտելով քայլէր՝ որքան խօսքեր պիտի լսուէին…։

— Իմացա՞ք, Պապիկ աղային ըրածը։

— Վաճառականի մը կը վայլէ՞ եղբայր։

— Իր վարկը կոտրեց, մեղք բիացայի վրայ 20000 ոսկւոյ վարկ ունէր։

— Քիչ մը համբերէր թո՛ղ, փաթլամիչ չպիտի ըլլար նա՜․․․։

Թորոս աղան առաւօտուն տունէն կ՚ելնէ բեռնաւորեալ այն յանձնարարութիւններով զորո կինն ընդհանրապէս կ՚ընէ էրկանն և որոնց գործադրութիւնը միմիայն դրամով կ՚ըլլայ։

Թորոս աղա դրամ չունի և սակայն իր տիկնոջ յանձնարարութիւններն կարարելու փափաք ունի։

Դժուարութիւն չկայ Թորոս աղային կացութիւնը գուշակելու։ [ 15 ] Շուկան չգոցած զբօսարան կ՚երթայ, ըստ իր սովորութեան առաւօտեան խահուէն խմելու համար։ Զբօսարանի մէջ կան ուրիշներ ալ որ կը խօսին այլևայլ նիւթոց վրայ։ Թորոս աղան իր սիկառը կը պլորէ և խահուէ մը կ՚ապսպրէ։

— Ա՜հ, Թորոս աղա, կը պոռայ զբօսարանին մէկ անկիւնը նստող մարդուն մէկը, քովս եկուր, քովս եկուր նայինք։

Թորոս աղան մտմտալու բաներ ունի, գոնէ ժամ մը առանձին մնալու պէտք ունի, ուստի քիչ մը կը վարանի բարեկամին հրաւէրն ընդունելու։

— Թորոս աղային խահուէն հոս բերէ՛ք, կը պօռայ Ստեփաննոս աղան (այս է անկիւնը նստողին անունը)։

Թորոս աղան բարեկամին քովը կ՚երթայ, հակառակ իր կամաց, բոլորովին մտադրած։

— Ի՞նչպէս էք Թորոս աղա, ի՞նչպէս ժամանակ կ՚անցունէք, նայինք։

— Սանկ նանկ։

— Գիտէ՞ք մեր վարած կեանքն ինչի կը նմանի, կեցէ՛ք ձեզի պզտիկ առակ մը պատմեմ։

Թորոս աղան կ՚սկսի երկար պատմութիւն մը զոր երբեմն երբեմն կ՚ընդմիջէ Թորոս աղային ուշադիր ունկնդրութիւնը հրաւիրելու համար․ մինչդեռ Թորոս աղան, մտածութեանց մէջ թաղուած, կը խորհի թէ ուր դիմել հարկ է պզտիկ փոխառութիւն մը ընլեու և անով իր տղոց կոշիկ, գլխարկ, «Մայրենի լեզու» գնելու և դպրոցին թոշակը վճարելու համար։ [ 16 ] Պատմութեան ընթացքին մէջ Թորոս աղա տասն անգամ ոտքի կ՚ելնէ երթալու համար։ Ստեփաննոս աղան օձիքէն կը բռնէ և թող չտար ըսելով թէ պատմութիւնս հետաքրքրաշարժ է և եզրակացութիւնն սքանչելի։

Վերջապէս երկու ժամ խօսելէն ետքը Ստեփաննոս աղան կը հասնի եզրակացութեան, այսինքն երեսփոխանաց ոմանք ատենաբանութեան աւետեաց երկիրն, և կը կնքէ իր պատմութիւնն ըսելով․ «Ահա մեր վարած կեանքն այս անասունին կեանքին կը նմանի․» և պատմութիւնն լմնցնելուն պէս,

— Ծօ աղայ, սա տօմինօն բեր, կ՚ըսէ։

— Ինծի հրաման տուէք որ երթամ։

— Չէ, չէ, կ՚աղաչեմ բարթի մը տօմինօ խաղանք, կէսունակ՞ս առնենք քարերը թէ քաշենք, քաշելն աղէկ չէ։

— Գործ ունիմ, երթամ պիտի։

— Նստէ՛ պէ մարդ, էնֆիյէ մը քաշէ նայիմ որկէց։

— Ժամանակ չունիմ նստելու, արդէն ուշ ալ մնացի։

— Ծօ՛, սա տօմինօն բեր ըսի, չիմացա՞ր, խո՞ւլ ես ինչ ես։

— Մնաք բարով։

— Թող չեմ տար, այսօր գործի պիտի չերթամ ես, դուն ալ մի երթար ժամանակ կ՚անցնենք հոս։ [ 17 ] — Չէ ճանըմ, գործի օր է չեմ կրնար նստիլ։

— Խօսքս կոտր՞ս պիտի։

— Թորոս աղա, դուն ալ երկար ըրիր ա՜, այսչափ նազ չեն ըներ, նստէ կ՚ըսենկոր նէ կը նստին․ կ՝ըսեն հոն գանուողներէն մէկ երկուքը։

— Գործ ունիմ էֆէնտիմ գործ։

— Բարեկամաց ալ խաթրը կը սեպեն քիչ մը էֆէնտիմ, խաթըր իչին չիյ թավուք նէնիր։

Թորռս աղային ճարը կը հատնի և կ՚ստիպուի հպաաակիլ հասարակաց կարծեաց։

Տօմինօն կը բերեն, Թորոս աղան կարելի եղածին չափ չուտ կը խաղայ որ ժամ առաջ խալըսի այս փորձանքէն։ Ստեփաննոս աղան ամէն մէկ քար դնելուն մէկմէկ պատմութիւն կ՝ընէ, մերթ անցած Պատրիարքաց վրայ, երբեմն Սահմանադրութեան վբայ և միչտ ազգային լրագրութեան վրայ, այնպէո որ Թորոս աղան ժամերով կ՚սպասէ որ կարգը իրեն գայ խաղալու։

Կրնամ երեւակայել թէ ի՜նչ կ՚զգայ Թորոս աղան, ես որ այս տողերը գրած ժամանակս հազար անգամ աթոոի վրայ կը ցատկեմ։

Թորոս աղան ինքզինքը կ՚ուտէ։ Ստեփաննոս աղան կը զարմանայ Թորոս աղային աճապարելուն վրայ։

Ժամ ու կէս կը տեւէ տօմինօն, Ստեփփանոս աղան կը կորսնցնէ խաղը։

— Է՜յ, Թորսո աղա, րախիներր եկան բաբթի մըն ալ խաղանք։ [ 18 ] — Ոտքդ պագնեմ, Ստեփաննոս ադա, կ՚աղաչեմ, զօր մի ըներ, չօլուխ չօճուխի տէր եմ ես։

— Ատամ, Աստուած ողորմած է․ տիւշէշը իմ քովս է․․․ ահա դրի․․․։

— Խօսք չեմ կրնար կոր հասկցնել, ժամանալ չունիմ կ՚ըսեմ կոր էֆէնտիմ։

— Շէշպէշդ դիր նայիմ։

— Տէր ողարմեա, Տէր Ասաուած, մեղայ։

— Ժամանակ չունիմ, կ՚ըսես կոր, ժամանակ կ՚անցունես կոր, մինչեւ հիմայ լմնցուցած էինք խաղը․․․ շէշպէշդ դիր։

— Ես պիտի երթամ․․․ մնաք բարով։

— Գնա՛, պէ ատամ, գնա՛, առտուընէ ի վեր ես պիտի երթամ, ես պիտի երթամ, ես պիտի երթամ, գնա՛, գնա՛։

— Բարկանալու իրաւունք չունիք կարծեմ։

— Անանք բաներ կ՚ըսեսկոր ի մարդը կը ճաթեցնես կոր էֆէնտմիմ, մենք քեզի աս տեղ զինճիլով չենք կապած ա՛․ աս մէրէթը երկու բարթի կը խաղան, սովորութիւնն ասանկ է, չի պիտի խաղայիր նէ հիչ թող չխաղայիր, ամէն բան օրէնք մը ունի, կանոն մը ունի, րախիները կը խմեն ու չեն փախչիր ա՛, աֆ կ՚ընես ամա, ըրածներիդ քիչ մը պվայլեր։

— Պէ ճանըմ փոխանորդ մը ձգեմ երթամ։

— Ասոր աստեղը Պատրիարքարան չէ․․․

— Բարթի մըն ալ, բարթի մըն ալ Թորոս աղա կը կրկնեն քովը նստողները։ [ 19 ] Թորոս աղան կը զիջանի հազար անգամ զղջալով զբօսարան մտած ըլլալուն վրայ։

Այս անգամ Թորոս աղա կը յաղթուի։ Յաղթանակը տանողին իբր մրցանակ օղի մը կը հրամցնէ և կը պատրաստուի երթալու։

— Էնֆիյէ մը չե՞ս քաշեր Թորռս աղա։

— Մեծաւ հաճութեամբ։

— Պոլիս պիտի իջնաք, այնպէս չէ՞։

— Այո՛։

— Եէտի Գուէ պիաի երթա՞ք։

— Ոչ, շուկայ պիտի երթամ։

— Պիտի աղաչէի ձեզի որ Եւրոպայէն եկած էնքիյէն ինծի կէս օխա առնէիք, քանի փարա է նէ՝ վերջը կուտամ։

— Աղէկ, բայց․․․

— Բայց գիտէ՞ք ուսկից պիտի առնէք։ Ղալաթա Մոմխանէ մէկը կայ, հոն գացէք, Ստեփաննոս աղային համար է ըսէք, իմ էնֆիյէյէս թող տայ, նայէ՛ որ չխաբուիս։

— Թորոս աղան քսակը փող մը անգամ չունի, ուրիշ ձեւով մը կ՚ուզէ հասկցնել այդ հրամանին անգորադրելիութիւնը ուստի։

— Ներեցէ՛ք, կ՚ըսէ, այսօր չեմ կարող այդ կողմերն անցնիլ։

— Ատամ, քառասուն տարին անգամ մը բան աղաչեցի, ան ալ չես կատարեր, դուն բնաւորուլիւնդ բոլորովին փոխած ես, պամպաշխա բան մը եղեր ես։ [ 20 ] — Կը ցաւիմ որ․․․։

— Գոնէ Գում-Գափու իջի՛ր ու կէկէնիս ըսէ որ ան առնէ ու քեզի տայ որ բերես, բայց ստակը դուն տուր, եկէնիս քով պէլքի ստակ չի գտնուիր։

— Ժամն արդէն ութ եղաւ, Թորոս աղա, կ՚ըսէ ուրիշ մը, առնողն առաւ ծախողը ծախեց, ասկէց ետքը եթաս ի՞նչ պիտի ընես․ եկուր քեզի հետ բարթի մը թավլու խաղանք։

— Աս աւելի աղէկ կ՚ըլլայ, կը յարէ Ստեփաննոս աղան։

— Ոչ, ոչ, պէտք է որ երթամ, կ՚ըսէ Թորոս աղան և զբօսարանէն դուրս կը նետէ ինքզինքն երթալու համար․ շուկա՞յ․ —ոչ, առանձին տեղ մը գտնելու և քիչ մը հայհոյելու համար․ «Մշակ»ի խմբագրատունն գոնէ մօտ ըլլար․․․․․։

Շաբաթ օր է․ պիտի ածիլուի Գասպար աղան։

Սափրիչի մը խանութը կ՚երկայ։

— Սանկ շուտ մը կ՚ածիլե՞ս ինձի, և մազերս ալ կը կտրե՞ս։

— Ինչո՞ւ չէ։

* * *

Գասպար աղան կը նստի աթոռին վրա։

Սափրիչն ատենական գործողութիւնները կատարելէն ետկը կը սապոնէ իւր նոր յաճախորդն և կը դիմէ իւր զէնքերուն։

— Քեզի սա կ՚աղաչեմ որ ածելիդ սուր ըլլայ, որովհետև իմ մորուքս քիչ մը սէրթ է, վերջը դուն ալ կը չարչարուիս ես ալ։ [ 21 ] — Հանգիստ եղէք, կը պատաախանէ սափրիչը․ սուր ածելի մը ընտրելու երևոյթն ունենալով։

— Գիտնալու էք, որ բերտահ ալ չեմ ուզեր․ սանկ վրայէն թեթև կերպով անցնելու ձգելու է։

— Ճանըմ հոգ մ՚նէք, սափրիչ կայ սափրիչ ալ կայ, ածելիով սպասազինեալ կը մօտենայ Գաապար աղային։

— Շատ աղէկ։

— Գլուխդ սանկ դիր նայիմ։

— Դրինք։

Գարծողութիւնը կսկսի, սրուն անմիջապէս կը յաջորդէ արիւնհեղութիւնը։

— Կարեցիր եղբայրս, կամաց ըրէ քիչ մը։

— Պզտիկ չիպան մը կար հոն, ան արունեցաւ, չօլբա պէրպէրին թրաշ եղեր ես։

— Ասդին ալ կարեցաւ։

— Հոն ալ մազը ծուռ բուսեր էր, անանկ պէրպէր մ՚ունիս եղեր որ․․․․․։

— Ծնօտիդ վրա՞ն հապա․․․․․։

— Ծնօտդ կէրկի բռնեցիր տէ՛ անկից եղաւ։ Մի՛ վախնար դուն, ես զանոնք հիմայ քիչ մը բամպակով կը թխմեմ։

— Վազ անցայ, պապամ, հոգիս ցաւեցաւ, երեսս կրակի պէս կերիկոր։

— Սանկ թեթև բերտահ մ՚ընեմ ու երեսդ անուշահոտ քացախով լուամ նէ, կանցնի, բան չմնար։ [ 22 ] — Չեմ ռւզեր բերտահ, չեմ ուզեր, լմնցուր։

— Առանց բերտահի չըլլար։

— Ճանըմ գլուխն ի՞մս չէ մի։

— Գլուխդ քուկդ է, բայց ամեն խանութ պատիւ մ՚ունի, ածիլուելու մազեր կան տակաւին երեսիդ վրայ ասդին անդին։ Ասանկ ձգելն մեզի անպատուութիւն է։ Դուն սանկ դիր գլուխդ և հանգիստ եղիր։

— Պէ ճանըմ զօրով զիս տանջե՞լ կուզես։ Ի՞նչ ըսել է աս, ես քու խաղալի՞կդ եմ, պատիւդ պաշտպանելու համար իմ երե՞սս ընտրեցիր ասպարէզ, դահիճի պէս գլուխս տնկռւեր կեցեր ես։

— Բարկացած կերեւաք կոր, անոր համար չեմ ուզեր պատասխանել. միայն կաղաչեմ որ քիչ մը համբերէք ու լմնցնենք սա գործը։

Սափրիչը կը յաջողի նստեցնել Գասպար աղան որ գլուխն սափրիչին տրամադրութեանը տակ դրած անոր ածելիին քերթուածներուն վանկերը կը համրէ ակռաները սխմելով։ Բայց վերջապէս համբերութիւնը կը հատնի և յանկարծ աթոռէն կը ցատկէ․

— Հերիք պէ մարդ, հերիք, արեան մէջ ձգեցիր երեսս ըսելով։

* * *

Մելքոն աղան՝ խոնջած ցերեկուան աշխատութիւններէն կարողութիւն չունի հետիոտն երթալ տուն, Սամաթիա, ուստի կորոշէ թրամվէյով երթալ և ինքզինքը կը նետէ թրամվէյի կառքին մէջ ուր մէկ մարդու համար տեղ մնացած էր [ 23 ] միայն։ Հազիւ կը նստի Մելքոն աղան եւ ահա միջին հասակով գիրուկ անձ մը կը մանէ կառքն և Մելքոն աղան տեսնելով՝

— Շատ աւրախ եմ, կ՚ըսէ , ձեզի հռս տեսնելուս համար։

— Ես ալ նոյնպէս , կը պատասխանէ Մելքոն աղան։

— Զեզի խօսելիք ունիմ, բայց նախ և առաջ կրնա՞ք արդեօք ինծի ալ ձեր քովն առնել, սանկ քիչ մը իլիշմիշ ըլլամ, սանկ պզտիկ տեղ մը բանաք նէ՝ բաւական է ինծի համար, ես կրնամ սղմիլ, արդէն պզտիկ մարդ մըն եմ։

Մելքոն աղան իր բարեկամին տեղ շինելու համար ասդին կը դառնայ անդին կը դառնայ, աջ ծունկը ձախին վրայ կը դնէ, պզտիկնալու կը ջանայ։ Մելքոն աղային այս ճգանց միջոցին բարեկամն՝

— Ահ, ինքզինքդ ինձի համար անհանզիստ մի՛ ըներ, ես կրնամ հոո սղմիլ, կ՚ըսէ ու որպէս թէ տեղ գտած է, Մելքոն աղային ծունկին վրայ կը նստի։

— Անհանգիստ չըլլաք․․․։

— Ամենեւին, ամենեւին, դուք ձեր հանգիստը նայեցէք, կարծեմ թէ ձեզի քիչ մը անհանգիստ ըրի։

— Ոչ։

— Ձմեռ է հիմայ, սըխ նստինք նէ՝ կը տաքնանք։ [ 24 ] — Այո՛։

— Եթէ պէօյիւզիւր եղաք՝ կ՚աղաչեմ ըսէք։

— Ոչ, կը պատասխանէ Մելքոն աղան որ հազիւ կրնայ շունչ առնել։

— Ինչ կայ ինչ չկայ նայինք Մելքօն աղա։

— Ոչինչ։

— Տունը ի՞նչպէս են, չօճուխները աղէ՞կ են։

— Խաթրդ կը հարցնեն։

— Ողջ ըլլան։

Մելքոն աղային ծռւնկերը կ՚սկսին թմրիլ․ քրտինքը ճակտէն կը վազէ․ ի՞նչ ընէ, քաղաքավարութիւնը կը պահանջէ որ մեր բարեկամները չվշտացնենք ոչինչ բաներու համար։

— Վայ կիտի Մելքոն աղա վայ, ասանկ հէ․․․զիրար պիտի տեսնենք եղեր թրամվէյի մէջ, աղբար, րահաթ չնստի՞ս, սանկ ոտքերդ չերկնցնե՞ս․․․

Մելքոն աղան չպատասխաներ․ ոտքի կ՚ելնէ և իր տեղը բարեկամին կը յանձնէ։

— Ի՞նչ, անհանգի՞ստ եղար։

— Չէ, այսօր շատ նստեցայ տէ, աաոր համար ոտքի վրայ կայնիլ կ՚ուզեմ քիչ մը։

— Ատ ուրիշ, | ես կարծեցի որ պէօյիւզիւր եղաք։ Էյ Մելքոն աղա, սա թրախոման մեր անգին տունը կը քանդէ կոր, ի՞նչ պիտի ըլլայ ասոր վերջը, քանի կը մտմտամ կոր նէ խելքս կը թռցանեմ կոր։

— Իրաւունք ունիք։

— Բայց այս խնդիրը խիստ կարեւոր բան [ 25 ] մըն է, ասանկ երեսի վրայ ձգուելու խնդիրներէն չէ։

Եւ Մելքոն աղային թեւը կը քաշէ ուժով որպէս զի անոր զգացնէ խնդրին կարեւորութիւնը։

— Այնպէս է, կը պատասխանէ, Մեչքոն աղան։

— Եղբայր, մեր ազգին մէջ այս բանին կարեւորութիւն տուող չկայ, կը յարէ բարեկամն, ոտքերովն Մելքոն աղային ոտքերուն զարնելով։

— Կը հասկնամ կոր աղբար, կը հասկնամ կոր։

— Այնպէս որ թրախօմա տալու կարողութիւն չունեցաղ խեղճ աղջիկները տունը մնալու կստիպուին կոր․․․ աս ի՞նչ սարսափելի բան է աղբար, չպատասխանե՞ս․․․։

— Ի՞նչ պատասխանեմ․․․

— Մահու և կենաց խնդիր մըն է աս։

Բարեկամն ամէն խօսելուն կամ ձեռքովը Մելքոն աղային կուրծքին կը զարնէ կամ ոտքովը անոր ոտքերուն վրայ կը կոխէ կամ անդին կը հրէ կամ ասդին կը քաշէ։ Խօսք հասկցնելու այս եղանակ հազուադէպ չէ մեր ազգին մէջ։ Տեսակ մը պերճախօսութիւն որ ունկնդիրները ծեծելու վրայ կը կայանայ։

— Իրաւունք ունիս, ճանըմ, բայց ես ի՞նչ ընեմ։ Ըսածդ կը հասկնամ կոր։

— Կը հասկնաս կոր բայց անտարբեր կը կենաս կոր պապամ, կ՚ըսէ Գասպար աղան և Մելքոն ադայէն թեւն ուժով կը սխմէ։ [ 26 ] Կառքին մէջ գտնուողներն կը խնդան այս տեսարանին վրայ, բայց մեր բարեկամն չհասկնար և կը շարունակէ ծեծել Մելքոն աղան, որուն համբերութիւնը կը հատնի և կառքը Չէմպէրլի Թաշ հասնելուն պէս ինքզինքը կառքէն դուրս կը նետէ։

Ւ՞նչ ընէր Մելքոն աղան, կրնա՞ր ըսել բարեկամին ռր ըրածն քաղաքաւարութեան դէմ էր, անկրթութիւն էր։ Ոչ։ Քաղաքավարութիւնը բացարձակ կերպով կը դատապարտէ անկիրթին անկիրթ ըսելը․ ուստի Մելքոն աղան անկիրթ երեւալէն լաւ համարեց ծեծ ուտելը։

Այս տողերը գրողն ալ օր մը ալս տեսակ երկու պերճախօսներու մէջտեղը գտնուեցաւ, դժբախտաբար, և մազ մնաց ռր ոսկորներն ջարդուխուրդ ըլլային եթէ գթասիրտ մէկն վարպետութեամբ չազատէր զայն։

Բայց այս պերճախօսներէն աւելի սարսափելիները կան։

Պատմենք։

Սեդրաք աղան կոշկակարի մը խանութը կը մանէ։

— Բարեկամ, կ՝ըսէ կոշկակարին, զոյգ մը կոշիկ կ՚ուզեմ ապսպրել։

— Շատ աղէկ։ — Կոշիկներուն քիթը նեղ ըլլալու չեն։

— Հիմակուան մօտայէն չէք ուզէր ըսել է։

— Միայն կ՚ուզեմ ռր ոտքս կոշիկի մէջ [ 27 ] կարենայ շարժիլ, նեղ ոտքի աման չեմ ուզեր, որովհետև նասբր ունիմ։

— Գլխուս վրայ, ձեզի անանկ կոշիկ մը շինեմ որ թէ՛ մօտայի համաձայն ըլլայ և թէ ձեր ոտքերն չսխմէ։

— Եթէ կարենաս գոհ ընել զիս՝ միշտ քու խանութդ կուգամ։

— Վստահ եղէք։

Կոշկակարը Սեդրաք աղային ոտքին չափը կ՚առնէ և կ՚իմացնէ թէ քանի մը օրէն պատրաստ պիտի ըլլան կոշըկները։

Սեդրաք աղան քանի մը օրէն կ՚երթայ կոշկակարին։

— Պատրա՞ստ են կոշիկներս։

— Այո՛, պատրաստ են։

Կոշկակարին աշակերտը Սեդրաք աղային կը ներկայացնէ կոշիկները։

— Եղբայր , կ՚ըսէ Սեդրաք աղան, ասոնք պզտիկ են։

— Ընդհակառակն մեծ են։

— Ասոնց քիթերը նեղ են։

— Չեմ կարծեր, շատ լայն քիթերն այսօր մաքպուլ չեն․ կաղաչեմ անգամ մը ձեր ոտքը անցունէիք սա կոշիկները։

Սեդրաք աղան կը նստի։ Կոշկակարին աշակերտք քառակուսի տախտակ մը կը դնէ Սեդրաք աղային ոտքերուն տակը։ Սեդրաք աղան կե ձեռնարկէ նոր կոշիկներն հագնելու։ Կոշիկները կ՚ապստամբին։ [ 28 ] — Ոտքդ ուժող կոխէ՛, կը պոռայ կոշկակարն։

— Ոտքի վրայ ել և այնպէս կոխէ, կ՚ըսէ կոշկակարին քալֆան։

— Ուժով ոտքդ գետինը զարկ, կը խրատէ կոշկակարին աշակերտը։

— Ծօ՛, սա փոշիէն ցանէ քիչ մը կոշիկներուն մէջ որ Սեդրաք աղային ոտքերը դիւրութեամբ սահին ու մտնեն, կը հրամայէ կոշկակարն պստիկ աշակերտին։

Հրամանը կը կատարուի։

Կոշիկներն հաստատամիտ են։

— Էօք, քրտնեցայ պէ ատամ, կ՚ըսէ Սեդրաք աղան երեսը թթուեցնելով, քեզի քառասուն անգամ ապսպրեցինք որ մեծ ըլլան, լայն ըլլան, երկար ըլլան։

— Կ՚երեւայ որ ոտքերդ ալ քրտնած են և անոր համար․․․

— Չէ քուզում, չէ ճանըմ․․․ կոշիկները նեղ են։

— Անգամ մը հագնիս նէ՝ կը բացուին։ Լայն ոտքի ամաններն աւելի կը վնասեն նասըրներում։

— Չեմ կրկար կոր հագնիլ։

Կոշկակարն քալֆայովն և աշակերտներովն Սեդրաք աղային օգնելու կ՚երթայ։ Երկու հոգի Սեդրաք աղային թեւը կը մտնեն, կոշկակարը Սեդրաք աղային մէկ ոտքը կը բռնէ և կ՚աշխատի կոշիկին մէջ դնել։ Ամբողջ կոշկակարեան խումբը կը քաջալերէ Սեդրաք աղան։ [ 29 ] — Հա՛, հա՛, կը մտնայ կոր․․․

— Քիչ մըն ալ համբերութիւն․․․

— Քիչ մըն ալ հաստատամտութիւն․․․

— 0՛ն քաջալերուէ՛․․․

— Վայ, վայ, վայ․․․

— Քիչ մը դիմացիր, էֆէնտիմ․․․

— Անգամ մը մտնայ նէ՝․․․

— Ոտքդ կտրէին նէ՝ աւելի՞ աղէկ էր․․․

— Հա, հա, քիչ մնաց․․․

— Քիչ մըն ալ ճահտ ընես նէ՝ կը լմնայ կ՚երթայ։

— Յոգնեցար նէ քիչ մը յոգնութիւն առ տէ․․․

— Չեմ ուզեր պէ ատամ թող տուէք հանեմ, ճիյէրս սըղլամիշ կ՚ըլլայ կոր․․․

— Բան մը չէ, կ՚անցնի։

— Հարիւր անգամ ալ ապսպրեցի, որ ես մօտա չեմ ուզեր, ոտքերուս հանգստութիւնը կ՚ուզեմ․․․ — Կոխէ՛ ոտքդ․․․

— Ի՞նչպես կոխեմ ճանըմ․ չէ՞ք հասկնար կոր որ ոտքերս կերին կոր, կարծես թէ կրակի մէջ կոխած եմ… թո՛ղ տուէք, աստուածնիդ սիրէք, սա ի՞նչ խօսք չհասկցող մարդոց հանդիպեցանք։

— Քիչ մ’ալ ղայրէթ ըրէ՛, էֆենտի։

— Ղայրէթնիդ ալ գետնին տակը անցնի, կօշիկնիդ ալ․․․ թո՛ղ տուէք ոտքս, վազ անցայ։

— Բարկանալու իրաւունք չունիք, Սեդրակ աղա։ [ 30 ] — Չունիմ, աղբար, չունիմ, դուք իրաւունք ունիք բարկանալու, թո՛ղ տուէք, սա ոտքս քաշեմ։

Կոշկակարն ուժով բռնած է Սեդրաք աղային ոտքէն որուն ինը տասներորդ մասը մտած է կոշիկին մէջ։

— Շատ բծախնդիր էք, Սեդրաք աղա։

Սեդրաք աղան կ՚զգայ, թէ գերի բռնուած է, ուստի անձնատուր կ՚ըլլայ կօշկակարին, որ իւր խումբովը կը յաջողի կօշիկներն անցնել իւր յաճախորդին ոտքերուն։

— Տեսա՞ր ինչպէս աղէկ եղաւ․․․ ոտքի վրայ կայնէ քիչ մը. օ՜հ․․․ մինչեւ տուն երթաս նէ՝ ոչ ցաւ մը կը մնայ, ոչ բան մը․․․ սանկ քալէ նայիմ։

— Ի՞նչպէս քալեմ ճանըմ, նասըրներս կը ցաւին կոր․․․ հանեցէք սըւոնք։

— Քիչ մը խօսք մտիկ ըրէ՛, Սեդրաք աղա, մինչեւ տուն գնայ, ոտքերդ պիտի վարժուին ու․․․

— Քիչ մը լայնկէկ շինէիք նէ՝ չէ՞ր ըլլար։

— Չըլլար, Սեդրաք աղաս, չըլլար, ամէն խանութ նամուս ունի, մենք մեր խանութին պատիւը չենք կրնար կոտրել անանկ մեծ, լայն ու տձեւ կոշիկներ կտրելով, ամէն մարդ իր գործը գիտէ։

— Աղէկ, աղէկ, ի՞նչ պիտի տանք։

— Ոսկի մը ու մեճիտիէ մը։

— Առէք։ [ 31 ] — Շնորհակալ եմ։ Մեզի մի՛ մոռնաք, Սեդրաք աղա։

Սեդրաք աղան այդ կոշիկներով դուրս կ՚ելնէ կոշկակարի խանութէն, նասըրներու ցաւէն ամէն քայլափոխին հառաչելով երբեմն ալ արտասուելով։ Կ՚զգայ վերջապէս, թէ չպիտի կրնայ շարունակել ճամբան, զբօսարան մը կը մտնէ, բազմոցի վրայ կը նստի և կոշիկները հանել կ՚ուզէ։ Չյաջողի։ Սրճարանին սպասաւորը կը կանչէ և կ՚աղաչէ որ կոշիկներն քաշէ։ Սպասաւորը բոլոր ուժը կը սպառէ, կարելի չէ կոշիկները հանել։ Իմաց կը տրուի կոշկակարին որ քալֆային ընկերակցութեամբ կը հասնի ու մեծ դժուարութեամբ կը յաջողի ազատել Սեդրաք աղան իր ոտքերուն ձեռքէն։ Սեդրաք աղան կը հագնի հին կոշիկները զորս կոշկակարի խանութէն հետն առած էր, և կը հանգստանայ։

— Բնաւ սըխըյի չէք գար կոր Սեդրաք աղա, կ՚ըսէ կոշկակարը, ձեւաւոր և ճաշակաւոր բան մը հագնելու համար քիչ մը ակռան սխմելու է մարդս․ ինչ որ է տուէք սա կոշիկներն ինծի, վաղը ես զանոնք աղուոր խալըպի մը զարնեմ տէ ղրկեմ ձեզի։

— Շատ աղէկ, կը պատասխանէ Սեդրաք աղան ու խահուէ մը խմելուն պէս կը մեկնի։

Հետեւեալ օրը Սեդրաք աղան շուկայ կ՚երթայ, ապայէ լափճին մը ու լաստիկ մը կը գնէ, կը հագնի ու գործին կ՚երթայ։ [ 32 ] Դիտողութիւնները կ՚սկսին։

— Սա Սեդրաք աղան շատ թօհաֆ մարդ է։

— Ապտալ, պարզապէս։

— Տիվանէ ըսէք սըւոր երթայ։

— Ես ալ տեսայ ապա լաբճին մը անցուցեր է ոտքը վրան ալ լաստիկ հագեր է․․․

— Խայտառակութիւն է։

— Ի՛նչ մեղքս պահեմ, հետը պտտելու կամչնամ կոր

— Թող գիւղ մը երթայ նստի, էֆենտիմ։

— Ատ ոտքերով ընկերութեանց մէջ մտնել կարելի չէ։

Այս դիտողութիւններն Սեդրաք աղային ականջը կը հասնին։ Սեդրաք աղան կը համոզուի, թէ քաղաքավարութիւնը չհակառակիր նասըրի, բայց սարսափելի թշնամի է ապա լաբճինի։ Սեդրաք աղան կ՚ստիպուի հանել լաբճինները և ընդունիլ մօտայի համաձայն կոշիկներն ու անոր հարուածներն։

***

Ծնունդի կամ Զատկի առթիւ բարեկամաց և ազգականաց այցելութիւններ կ՚ընդունիք։

Շատ անգամ կը պատահի որ երեք կամ աւելի անձանց այցելութիւններն միանգամայն ընդունիք։

Սովորութիւն ունինք ասոնց խախուէ կամ անուշ կամ օշարակ կամ օղի հրամցնել։

Տանն աղջիկն ափսէ ի ձեռին կը մտնէ սենեակը։


Շարունակելի