Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/33

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

գեղեցկութիւնը, մանաւանդ հազար ոսկի դրամօժիտը, ամուսնանալ փափաքող երիաասարդներու համար լաւագոյն ընտրելիի մը հանգամանքը կ՚ընծայեն. շիտակը, զայն առնող երիտասարդը չի խաբուիր:

29 Օգոստոս

Այս գիշեր Ս...եաններուն էինք, իրենց ազգականերէն Տէր եւ Տիկին Փ...եան Պէյքօզէն հիւր եկած էին, գիւղէն ալ Մ...եան եւ Կ...եան ընտանիքները ներկայ էին:

Ժամի մը չափ դաշնակով զբօսնելէ յետոյը թղթախաղի սեղանը մէջտեղ բերին: Այս կարգի երեկոյթներու մէջ թուղթ խաղալը ջիղերուս կը դպի. իմաստալից խօսակցութիւններով ժամանակ անցնելը միթէ աւելի օգտակար չէ՞, մանաւանդ ասանկ զարգացած ընկերութեան մը մէջ, որ գիտական, գրական, գեղարուեստական ու ընկերբանական խնդիրներու վրայ խօսելու եւ գաղափար յայտնելու համար մտաւորական բաւական լաւ պաշար ունի:

Թղթախաղի սեղանին շուրջը բոլորուողները գիւղին բարձր դասին պատկանող ծանօթ երիտասարդ եւ երիտասարդուհիներն էին:

Զիս ալ շատ ստիպեցին, չմասնակցեցայ. Պէյքօզէն եկող մանկամարդ հարսին հետ անկիւն մը քաշուելով՝ քիչ մը օրուան խնդիրներուն եւ քիչ մըն ալ ամուսնական կեանքին վրայ խօսեցանք:

Յետոյ իրար խառնեցինք բոլոր թէ՛ ծանօթ եւ թէ նոր գրիչները. երեք չորս ժամ խօսելու նիւթ հայթայթեցին Խօճասարեան, Մամուրեան, Իւթիւճեան, Չիլինկիրեան, Տէտէեան, Պալթազարեան, Տօք. Ռուսինեան, Տօք. Թիրեաքեան, Տօք. Մէզպուրեան Տօք. Շիշմանեան, Օտեան, Պէրպէրեան, Տէմիրճիպաշեան, Արփիարեան, Գուրգէն, Փանոսեան եւայն անուները ու իրենց գործերը:

Մենք մինչդեռ անկիւնը այս շահագրգիռ եւ օգտաւէտ