Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/38

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

— Ո՜հ, ոչինչ, բան մը չունիմ, պատասխանեց վրդովեալ ձայով մը:

— Չէ, անշուշտ բան մը ունիս եւ ինձմէ կը ծածկես, ըսի:

— Վերջը կը պատմեմ, ըսաւ գլխովը եղբայրս ցուցնելով եւ ստորին շրթունքը խածնելով. աս կը նշանակէր.— եղբայրդ չեմ ուզեր որ լսէ, երբ առանձին ըլլանք, կը պատմեմ:

Աշակերտուհիիս այս զգուշական վարմունքը զարմանքէ աւելի հետաքրքրութիւնս շարժեց:

Այս դէպքին վրայ, առանց ակնարկութիւն մը ընելու, ժամերով պտտեցանք:

Գիշերը քունս չտարաւ. կասկած մը միտքս կը չարչրկէր. երբեմն կասկածիս անտեղի եւ անհեթեթ ըլլալը կ՚զգայի, եւ կ՚ուզէի մտքէս վանել, բայց յամառաբար նորէն կը ներկայանար:

16 Մայիս

Այսօր դասախօսելու համար աշակերտուհիիս հետ առանձինն մնալով, երէկուան դէպքին վրայ խօսք բացի, ըսելով.

— Երէկուան յուզումդ անշուշտ շատ մեծ գաղտնի պատճառ մը ունենալու է:

— Այո՛, ազնիւ բարեկամուհիս, ըսաւ, սրտի խոստովանանք մը՝ որ ձեզ նման մտերիմ ու սրտակից բարեկամուհիի մը միայն կրնամ հաղորդել։

Կասկածս վերստին ծնաւ. բան մր կռահել չտալու համար, անտարբեր ձեւանալով ըսի.

— Հետաքրքրութեամբ պիտի լսեմ:

— Թէեւ շատոնց կ՚ուզէի խօսքը ձեզի բանալ, սակայն կը քաշուէի․ դիպուածին շնորհիւ մասամբ իմացաք գաղտնիքը։

— Ես բան մը չեմ գիտեր, պատասխանեց, յուզումս