Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/40

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Ըսածիս համոզուեցաւ․ տուշ ընելս գիտէր եւ կանխաւ պատճառը հարցուցած էր։

Ներքին յուզումս իրմէ ծածկելով ամէն բան իմանալ ուզեցի:

Լսածիս հաւատալս չէր գար:

Կասկածս հաստատելու համար, հարցուցի․

— Ան ալ քեզ կը սիրէ՞:

— Խենթի պէս:

— Ե՞րբ սկսաք զիրար սիրել:

— Տասը ամիս եղաւ:

— Ճիշտ տասը՞ ամիս է որ զիրար սիրել սկսած էք, ըսի․զարմանքս չկրնալով ծածկել։

— Այո՛, տասը ամիս առաջ իրարու բացուեցանք, ըսաւ:

Ու խանդավառ ժպիտով մը աւելցուց, թէ ժպիտ մը որ թունալից նետի մը պէս սրտիս մինչեւ խորերը մխուեցաւ․․․։

— Ինչպէ՛ս, ընտրութինս լաւ չէ՞, շատ գեղեցիկ երիտասարդ մըն է:

Չպատասխանեցի, եւ ի՞նչպէս կրնայի պատասխանել․ զինքը հաստատելու համար․ բոլոր սէրս, ամբողջ կեանքս ոտնակոխելու էի:

Լռութիւնս զգացնել չտալու եւ կասկածս աւելի հաստատելու համար, անմիջապէս հարցուցի.

— Իրարու յիշատակ մը, սիրոյ կապ մր նուիրա՞ծ էք։

— Անշո՛ւշտ, տեսէք սա լուսանկարը, կը ճանչնա՞ք զինքը․․․։

Վերջին խօսքը կատակաբար արտասանելով ոսկի միտալիօն մը ներկայացուց:

Ա՜հ, Աստուած իմ, տեսածս արդեօք երազ մը չէ՞...: Ինձ նուիրած լուսանկարին նման իր մինեօն լուսանկարն է։

Ա՛լ չկրցի ինքզինքս զսպել. ինձ տուածն ալ իրեն ցուցնելով ըսի.