Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/41

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

— Դուն ալ աս կը ճանչնա՞ս:

Երբ միտալիօնիս մէջի մինեօն լուսանկարը տեսաւ, սոսկալի ճիչ մը արձակելով գոչեց.

— Աստուա՜ծ իմ...:

Ու սկսայ մի առ մի իրեն պատմել, իմ ու Մ...ի միջեւ անցած բոլոր սիրային դէպքերը:

Զարմացաւ, բայց տակաւին չէր հաւատար:

Պատահմամբ իր վերջին նամակներէն մին քովս էր. անմիջապէս յիշելով իրեն ցուցուցի։

— Այս գիրը կը ճանչնա՞ս...:

— Ո՜հ , ճիշդ անոր գիրն է, գոչեց, դէմքը մարմարիոնի նման ճերմկնալով։

Եւ աճապարանօք գրասեղանին դարակէն նամակ մը հանելով ըսաւ.

— Միեւնոյն յուզումները, միեւնոյն սէրը արտայայտող իր մէկ գիրն է աս:

Արդարեւ միեւնոյն սէրը միեւնոյն ժամանակ աշակերտուհիիս ալ ուխտած է:

Ալ մեր մէջ գաղտնիք չմնաց. վատին բոլոր կեղծիքները, բոլոր խորամանկութիւնները պարզուեցան:

Անշուշտ մեր երկուքէն մին ճշմարտապէս կը սիրէ, եւ ո՞վ է ան, ե՞ս թէ աշակերտուհիս...: Բայց ինչո՞ւ անշուշտ կ՚ըսեմ. չի կրնա՞ր ըլլալ որ անոր նման ցածհոգի եւ կեղծաւոր մարդը եւ ո՛չ մէկերնիս ալ ճշմարտապէս չսիրէ...: Այս վերջին ենթադրութիւնս աւելի հաւանական, աւելի ճշմարտանման է...:

Այնքան երկիւղածութեամբ, այնքան եռանդով պաշտած սէրս, այս տեսարանէն վերջը, ծայրայեղ ատելութեան փոխուեցաւ. վրէ՜ժ, սոսկալի վրէժ մը լուծել կ՚ուզեմ։ Նոյն ատելութիւնը ունեցաւ նաեւ աշակերտուհիս:

Աշակերտուհիիս հետ երկար բարակ խորհելէ վերջը, որոշեցինք անոր մէյմէկ նամակ գրելով վաղուան