Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/42

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

համար Մէօհիւրտարի պարտէզը ժամադրութիւն մը տալ: Այս պարտէզը, առաւօտները, մանաւանդ լուր օրեր բոլորովին ամայի ըլլալուն, մեր նպատակին ամենէն լաւ կը յարմարէր:

Ը.

17 Մայիս

Երէկ գիշեր, սրտիս նեղութենէն, աչքս քուն չմտաւ:

Այս առաւօտ աշակերտուհիիս տունը երթալով որոշած նամակնիս գրեցինք, միայն իմ ստորագրելս յարմար դատեցի, որպէս զի կասկածի տեղի չտամ:

Ժամադրութիւնը ժամը երկուքին որոշած էի:

Ժամը մէկին մեր ծնողքներէն գաղտնի մեկնեցանք. աշակերտուհիս անկիւն մը ծառին ետին պահուըտեցաւ:

Իսկ ես ծառին տակ սեղանի մը առջեւ նստայ, սիրտս սաստիկ կը բաբախէր եւ քանի՛ անոր վատ վարմունքը միտքս կ՚իյնար, ձեռքս ու ոտքս դող կ'ելլէր:

Ժամը երկուքին տասը մնացած, Մ... պարտէզին դռնէն ներս մտաւ, ու զիս տեսնելով, ուրախ իմ կողմս դիմեց.

Կամացուկ մը ընկերուհիիս ըսի.

— Վատը եկաւ, պատրաստ կեցիր:

Կոտրտուելով մը մօտեցաւ եւ իր կեղծ շաղակրատութիւնը ձեոք առաւ:

— Այս ինչ բարեբախտութիւն է. շիտակը այս բացառիկ շնորհը չէի յուսար...:

Դեռ խօսքը չաւարտած, աշակերտուհիս երեւան ելաւ:

Երբ զայն տեսաւ, դեղնեցաւ եւ ետ ետ երթալով ըսաւ.

— Դուն ալ հո՜ս...: