Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/45

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

է քեզ պաշտպանի մը ապահով ձեռքերուն յանձնել. իմ մեռնելէս վերջ չեմ ուզեր որ որբ եւ անօգնական մնաս. ուրեմն, քանի որ յարմար ժամանակն է եւ մանաւանդ ձեռքդ խնդրող մը ներկայացած է, խոստացիր որ զիս չմերժելով այդ անձին հետ ամուսնանաս։

— Սիրելի՛ հայր, պատասխանեցի, այս յայտնութենէն շատ յուզուած, մինչեւ այսօր կամքդ միշտ յարգեցի. ինձ արժանի տեսածդ միթէ կրնա՞մ մերժել...:

— Օրհնեա՜լ ըլլաս, աղջիկս, այս կիրակի աղջիկտես պիտի գան. բոլորովին կամքիդ հակառակ վարուիլ չեմ ուզեր. ազատ ես, եթէ հաւանութիւնդ տաս՝ կը վերջացնենք:

— Լաւ կ՚ըլլայ, ըսի եւ զիս խնդրողին անունը եւ արհեստը հարցուցի։

— Պէշիկթաշ կը բնակի, պատասխանեց հայրս՝ կաշիի վաճառական Գ. Ս...եան, բաւական զարգացած երիտասարդ մը՝ որ ճաշակիդ լաւ կր յարմարի:

Գիշերը անկողինիս մէջ, ամուսնանալու համար աղջիկտեսի հին՝ այլ ամենէն պարզ եւ գործնական եղանակին վրայ խորհելով զայն սիրա-վիպային կամ իտէալական ամուսնութեանց հետ կը բաղդատէի..., եւ առաջինը աւելի յուսալից ու աւելի հաստատուն կը գտնէի։

Եւ մեր մէջ մինչեւ հիմա ամուսնացողներէն շատերը միթէ այդ գործնական վաղեմի միջոցին դիմած չե՞ն, անոնցմէ ո՞րը ապերջանիկ եղած է, եւ քանիներ կրնա՞ն համրուիլ որոնց միութեան կապը վիպային կամ իտէալական սէրն եղած է...:

Ուրեմն, ինքզինքս ամենայն սիրով աղջիկտեսի բոլոր պատահականութեանց պիտի պատրաստեմ:

1 Հոկտեմբեր

Այս կիրակի, Գ. Ս...եան իր մօր հետ աղջիկտեսի