Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/13

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

եւ սրտամաչուքները զինքը կեանքի բեռին տակ ընկճելով՝ հուսկ ուրեմն սեւ հողին յանձնեցին...:

Եւ սրտաճմլիկ հառաչով մը աւելցուց.

— Զգացած ծանր վիշտերս աչքերուս աղբերակները ցամքեցուցին. շատ անգամ արտասուել կ՚ուզեմ եւ չեմ կրնար, այս անբնական վիճակը սկսած է սիրտս կրծել եւ կեանքս մաշեցնել:

— Բայց քանի որ մեր ընկերական բարքերուն հայելին է, անշուշտ օգտակարութենէ զուրկ չըլլար, մարդկութեան մեծ բարիք մը ըրած պիտի ըլլայիք, եթէ ծածկանուան մը տակ զայն մամուլին յանձնէիք, շատ կը խրատուէին եւ այս կերպով իրեն յիշատակին մահարձան մը կանգնած պիտի ըլլայիք:

— Այո՛, ըսաւ հեգնական ժպիտով մը, այն մարդկութեան համար՝ որ անոր նման անմեղ տկար արարած մը չարչրկած, խաբած ու զոհած է. ա՛յդ մարդկութեան...:

— Գէթ ուրիշները փրկելու եւ անոնց թիւը նուազեցնելու համար ընկերութեան երեսին տալու էք իր աւերիչ բարքերուն չար հետեւանքը...:

— Արհամարհանքս բաւական սեպած եմ, եւ այս պատճառաւ գաւառական այս անկիւնը քաշուած եմ. այս տեղերը գոնէ կեղծ քաղաքավարութիւն մը չկայ որ փայլուն անուններու եւ շլացուցիչ դիրքերու տակ գարշելի ու մեղապարտ եղելութիւնները ծածկէ: Հոս ամէն ինչ պարզ է. հէ՜գ ամուսինիս ստիպման վրայ՝ որ իր արդիւնքն է եղեր՝ այս տեղերը բնակութիւն հաստատելէս շատ գոհ եմ եւ իր անմահ յիշատակը արդէն զիս այս հողին կը կապէ:

— Վերջապէս, կարծեմ թէ լոկ արհամարհանքով չարիքին առաջքը չառնուիր, զոհերուն կեանքը միայն ազդու խրատ մը կրնայ ըլլալ. ինչպէս որ մենք՝ բժիշկներս վէրքը բանալով ու մսւքրելով կը բուժենք,