Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/20

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Քանի՛ Թշուառները կարդացի, մարդկութիւնը այնքան աւելի սիրել սկսայ:

Դ.

2 Հոկտեմբեր

Այսօր քոյրս հիւանդացաւ. բժիշկները վտանգաւոր բան մը չունենալը յայտարարեցին. ա՜խ այս բժիշկներուն խօսքերը եթէ միշտ ճշմարիտ ըլլային... իրենց յայտարարութունները մտահոգութիւնս երբեք փարատած չեն, վասն զի միեւնոյն խօսքերը կրկնեցին միշտ հոգելոյս մօրս հիւանդութեան ատեն ալ, մինչեւ որ գերեզման իջաւ...:

Ահա այս անորոշութիւնը, բժիշկներուն կեղծիքը ինձ եւ հօրս մեծ մտահոգութիւն կր պատճաոէ. այսօր եկեղեցի երթալով քրոջս առողջութեանը համար ջերմօրէն աղօթեցի:

3 Հոկտեմբեր

Քրոջս վիճակը աւելի ծանրացաւ. բժիշկները բան չկայ ըսելով թոքատապ մը ունենալը կը յայտնեն. այս բժիշկները ի՛նչ տարօրինակ մարդիկ են:

Հայրս գործի չգնաց, է սիրտ չունի աշխատելու: Ինչպէս որ մօրս, նոյնպէս քրոջս հիւանդապահի պաշտօնը ես կը կատարեմ․ բժիշկներուն պատուէրները ամենայն զգուշութեամբ կը գործադրեմ, որոնց մէջ ի զուր փրկութեան յոյս մը տեսնել կ՚ուզեմ․․․:

10 Հոկտեմբեր

Քրոջս հիւանդութեան իններորդ օրն է, վիճակը բաւական բարւոքեցաւ, տաքութիւն եւ զառանցանքը անհետացան. եթէ ճիշդ է բժիշկներուն յայտարարութինը հիւանդութիւնը բոլորովին անցած կրնայ համարուիլ:

Գիշերները կանոնաւորապէս չկրնալ քնանալուս,