Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/21

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

ինքզինքս քիչ մը տկար կ՚զգամ, այս գիշեր թերեւս հանգիստ պիտի կրնամ քնանալ եւ վերստանալ կորուսեալ ոյժերս:

23 Հոկտեմբեր

Քոյրս թէեւ բաւական լաւ է, սակայն դեռ անկողինէն չկրցաւ ելլել: Ծայրայեղ նիհարութիւն եւ չոր հազ մը ունի, թէեւ առաջուան պէս այնքան շատ խուխ չի թքներ:

5 Նոյեմբեր

Քոյրս ինձմէ խնդրած էր որ նոր վէպեր բերել տալով իրեն կարդամ. Բժիշկները կարդալը արգիլեցին: Այսօր սկսայ կարդալ Արլենքուրի Մենակեացը. շատ հաճոյք զգաց: Վաղը Վ. Հիւկօի Պօղոսիկը պիտի կարդամ. փոքրիկ տետրակ մըն է, բայց անշուշտ իր ծաւալէն անհամեմատ բարձր նիւթ մը կը պարունակէ. հեղինակին անունը ըսածիս գրաւական մըն է:

28 Նոյեմբեր

Քրոջս վիճակը երթալով կը ծանրանայ. երեւելի բժիշկներու խորհրդածութիւնները ապարդիւն մնացին: Երէկ գիշեր ծանր տագնապ մը ունենալով քիչ մնաց որ շնչահեղձ ըլլար. անմիջապէս թաղին բժիշկը կանչեցինք:

6 Դեկտեմբեր

Ո՛հ, գրիչս առաջ չերթար տխուր իրականութիւնը գրելու. քրոջս հիւանդութեանը վրայ՝ դրացիներու միջոցաւ բժիշկներու կարծիքը հարցնելով անբուժելի հիւանդութիւն մը՝ թոքախտ ըլլալը հասկցայ. սոսկալի ախտ մը որ անշշուկ ամէն օր հազարաւոր կեանքեր կ՚աճիւնացնէ:

Բժիշկները Գատըգիւղ օդափոխութեան տանիլ պատուիրեցին:

Հայրս անոր բուժման համար ամէն բան գոհել աչքը առած է. մեր Սկիւտարի տունը գոցելով Գատըգիւղ տուն մը պիտի վարձենք: