Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/29

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Թէ՛ ծախքերը թեթեւցնելու եւ թէ քրոջս մահուան տխուր պարագաները մոռնալու համար, տուներնիս փոխել հարկ եղաւ. մէկ երկու շաբաթ վերջը Մէօհիւրտարի կողմերը տուն մը պիտի վարձենք:

Խեղճ Մ... ինքն ալ ինծի հետ սուգի մէջ է, երեսս նայելու համարձակութիւն չունի: Այս անմխիթար վիճակիս ու առանձնութեանս մէջ կարծես ա՛լ աւելի զինքը կը փնտռեմ:

Սակայն քրոջս նուիրական յիշատակը սրտիս հոսանքին հետեւելէ զիս կ՚արգիլէ. աւելի կ՚ընտրեմ օրերով սուգի եւ տխրութեան մէջ թաղուիլ, քան թէ անոր խնկելի յիշատակը պղծել...:

13 Ապրիլ

Հայրս այսօր իր տոմարակալի պաշտօնէն հրաժարագիր տուաւ, ամսականին անբաւականութիւնը առարկելով, և երեք ոսկիի յաւելում մը խնդրելով:

Առանց դիտողութեան հրաժարականը ընդունեցին եւ իր տեղը աւելի նուազ ամսականով նոր հասնող սերունդէն մէկը դրին:

Շիտակը, այդ համբաւաւոր տան՝ հօրս նկատմամբ հետեւած ընթացքը պարսաւելի է. տասնըհինգ տարիէն աւելի է որ իրենց քով խղճի մտօք և կատարեալ ուղղամտութեամբ կը պաշտօնավարէր. այսպիսի վաղեմի աշխատաւոր մը փոխան վարձատրելու, իր վերջին անկեալ օրերուն մէջ երեք ոսկիի յաւելումի մը համար մէկէն ի մէկ ճամբելը խղճի բացակայութիւն կը նշանակէ: Եւրոպական նմանօրինակ հաստատութիւններ իրենց այս կարգի պաշտօնեաներուն ամսականները տարուէ տարի կ՚աւելցնեն եւ ապագանին կ՚ապահովեն, նիւթական պարգեւներ եւ կամ հանգստեան թոշակներ յատկացնելով:

Այդ վաճառատունը հօրս ամսականին վրայ երեք ոսկիի յաւելում մը ընելով ոչինչ կը կորսնցնէր,