Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/30

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

մանաւանդ հօրս տասնը հինգտարուան մատուցած ծառայութեանը փոխարէն այդ յաւելումը մեծ բան մը չէր։

Բախտին անողոք հարուածները իր խնայողութեամբը հաւաքած հարստութիւնը կորսնցնելէն վերջը, հօրս նման ուղղամիտ եւ փորձառու պաշտօնեայի մը չօգնելը, աշխարհիս վրայ գործուած ամենէն մեծ ապերախտութիւնն է...։

Մեր մէջ ե՞րբ պիտի ծնին Թափառական Հրեային մէջ յիշուած գործարանատէրին նման տիպար ու բարեսիրտ վաճառականներ...:

25 Ապրիլ

Հայրս հին պաշտօնը ձգելէն ի վեր զանազան վաճաոատուններու մէջ այցելու տոմարակալի պաշտօնը վարելով նախկին վիճակէն աւելի գոհ է:

Մեծ եղբայրս այսօր Փարիզ մեկնեցաւ, Բօն է Շօսէ վարժարանը մտնելու համար. բաւական խելացի ու ճարպիկ է. իր աշխատասիրութեամբը կը յուսամ թէ ապագային լաւ դիրք մը պիտի կրնայ գրաւել, որուն ի սրտէ յաջողութիւն կը մաղթեմ: Բայց հօրս այս անկեալ վիճակին մէջ մեծ բեռ մը պիտի ըլլայ. հայրս որչափ որ իր նախկին նիւթական կարողութիւնը չունի, սակայն եւ այնպէս մեծ բացած դուռն ալ պզտիկցնել չուզեր. գիշեր ցերեկ չարաչար աշխատելով իր անկեալ վիճակը ուրիշներէն ծածկել կը ջանայ եւ իր նախկին արտաքին փայլը անփոփոխ կը պահէ:

Դժբախտ հայրիկ, իր ծերութեան վերջին օրերուն մէջ միթէ արժանի է՞ր այս զրկանքներուն և սիրտհատնումներուն:

Զ.

4 Մայիս

Երէկ ամբողջ օրս Լամարթինի Լէ Ֆուայէն կարդալով անցուցի. այսօր ինքզինքս յոգնած կ՚զգամ,