Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/31

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

ամբողջ ջղային դրութիւնս գրգռուած է. օդ առնելու եւ բնութիւնը վայելելու մեծ պէտք ունիմ։

Գարնան էն զուարթ եւ ախորժելի օրերէն մին է. բնութիւնը իր ամբողջ գանձը բացած է, երփներանգ ծաղիկներ սրտերնին բացած, սէր կը բուրեն. դաշտերուն, մարգերուն, պուրակներուն մէջէն սահող քաղցր հողմիկը սէր կը բզզայ:

Մարմարան հայելիի նման կը փայլի ու կը ծփայ, թեթեւաշարժ նաւակները իրենց հեզասահ ընթացքով հանդարտիկ ջուրերը ճեղքելով կ՚անցնին ու կը դառնան, ետեւնին փրփրալից արծաթափայլ ուղի մը ձգելով։ Ծովափը եւ պարտէզները երկսեռ բազմութեամբ լի են, սիրատենչ զոյգեր ծաղիկներով զարդարուած կը ճեմեն, սիրայոյզ ժպիտներ փոխանակելով...:

Իսկ ես, սգաւոր ըլլալուս բնութեան բարիքները վայելելէ կը զրկուիմ. ընկերութիւնը անողոք է, վրաս չարախօսել տալ չեմ ուզեր. պատուհանիս առջեւ նստած բնութեան զարթնումը դիտելով կը բաւականանամ...:

Պ. Մ... երեկոյին ընկերի մը հետ մեր տան առջեւէն անցնելով յարգալից կերպով մը զիս բարեւեց. ժամանակէ մը ի վեր զինքը տեսած չըլլալով կարօտովը եւ սիրովը կը տոչորուէի. մանաւանդ ի՜նչ մեղքս պահեմ, կը կասկածիմ, չըլլայ թէ ուրիշ մը իր սրտին տիրէ. կասկածիս անաեղի ըլլալը թէեւ կ՚զգամ, սակայն ձեռքս չէ, ինքնին կը ծնի եւ տեղի կու տայ նախանձի մը։

9 Յունիս

Պ. Մ. այս գիշեր ընտանեօք մեզի էր: Միջոց մը գտնելով զիս, ըսաւ.

— Սուգդ ուրիշին պահէ. համբերութիւնս հատաւ. սիրովդ պիտի խենթենամ, թոյլ տուր ինձ, սրտիս կրակը մարելու համար, աչքերէդ համբոյր մը քաղեմ: