Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/34

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

խօսակցութիւններով իրարու գաղափար կը փոխանակէինք, անոնք աննդին շուկայի յատուկ զզուելի եւ կնոջ մը բերնին անվայել խօսքերով գողութեան մը կամ սխալ խաղալու վրայ կը պօռային ու կը ճչուռտէին, արժանապատուութեան զգացումնին խաղի յուզումներուն մէջ կորսնցնելով, եթէ չեմ սխալիր՝ երբեմն հայհոյութիւններ ալ կը լսէի:

22 Հոկտեմբեր

Պ. Մ... այսօր կարճ նամակով մը ինձ նուիրեց ոսկեզօծ փառաւոր կազմով ֆրանսերէն Ռօմէօ եւ Ժիւլիէթ գեղցկահիւս թատերգութիւնը: Կողքին վրայ այսպէս գրած էր.

Միեւնոյն սէրը կը բաղձայ նաեւ քեզ յաւէտ պաշտող ապագայ խօսեցեալդ։

Նամակն ալ սա պէս կը վերջանար.

«Սիրոյ սաստկութիւնը բերնով չկրնալ հաղորդելուս, ստիպուեցայ գրիչս սրտիս թարգման կանգնել, նոյնը նաեւ քեզմէ կ՚սպասեմ, ցանկալի երկտողիկդ համբոյներովս պիտի ծածկեմ եւ միշտ սրտիս վրայ պիտի պահեմ․․․:»

6 Նոյեմբեր

Դաշնակի աշակերտուհիս սկսաւ առանձին բաւական յաջողակութեամբ դժուար կտորներ զարնել. զինքը շատ կը սիրեմ. եթէ ձայնը յարմար ըլլար, մտադիր էի միւզիք-վօքալի ես դաս տալու. դժբախտաբար ձայնը անյարմար է:

Պ. Մ... երէկ գիշեր հիւանդացեր է. ստոյգ եւ կատարեալ լուր մը չառնելուս՝ շատ անհանգիստ եմ. մտադիր եմ վաղը եղբայրս ղրկելով վիճակը հասկնալ:

7 Նոյեմբեր

Խեղճ Մ...իս վիճակը ինձ մտատանջութիւն կը պատճառէ. բժիշկները թիֆօ կը կարծեն եղեր: Այսօր իրեն համար աղօթեցի: Տէրը երիտասարդութեանը ողորմի: