Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/37

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

զգայի, բայց փա՜ռք Աստուծոյ, այսօր քեղ ողջագուրելու բարեբախտութիւնն ունեցայ։

Երկար գրկախառնութենէ մը վերջը մեկնեցաւ. սիրտս, կեանքս ու ամէն բան ինձմէ կորզելով իրեն հետ տարաւ։

24 Մարտ

Այսօր սիրելի քրոջս մահուան տարին բոլորեցաւ. անցեալ տարի ճիշդ այսօր հոգին աւանդեց. ո՜հ, այդ օրը ի՜նչ սեւ օր էր. այդպիսի օրեր երթան ու չգտան։

Ազգականներս ու բարեկամուհիներս այսօր զիս բաղնիք տանելով սուգէ հանեցին. տարի մը ամբողջ քրոջս յիշատակը սեւեր հագնելով պահեցի:

Միայն թէ իր նուիրական յիշատակը սրտիս փոթորիկներուն հետեւելով պղծեցի: Տէրը մեղք չհամարէ:

Յիշատակը օրհնեալ ըլլայ:

25 Մարտ

Դաշնակի աշակերտուհիս սուգէ ելլելուս համար, ինձ թաւշապատ եւ փղոսկրազարդ լուսանկարի ալպօմ մը նուիրեց. խիստ հռչակաւոր արուեստական գործ մըն է, որուն առաջին բաժանման մէջ զետեղած է իրենց ընտանեկան համախումբ մեծ լուսանկարը:

15 Մայիս

Երեկոյին, աշակերտուհիիս եւ եղբօրս հետ Մէօհիւրտարի պարտէզը շրջագայեցանք. ծովը, երկինքը ու մերկ բնութիւնը դիտելով չէի կշտանար:

Պ. Մ... պատահելով մեզ բարեւեց. փոխադարձաբար զինքը բարեւեցինք. աշակերտուհիս մէկէն ի մէկ կարմրեցաւ եւ խօսակցութիւնը իսկոյն ընդհատեց. դէմքին այլափոխութիւնը սրտին յուզումը կը մատնէր: Իր այս տարօրինակ եւ առանց պատճառի յուզուիլը ինձ զարմանք պատճառեց։

— Ի՞նչ եղար, ըսի: