Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/39

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

եւ անհամբերութիւնս ծածկել ջանալով։

— Կը կարծէի թէ քիչ մը հասկցած էք. լաւ, ուրեմն, ինձ կը թուի թէ ձեզ պատմելովս, սրտիս վրայԷն մեծ բեռ մը պիտի վերնայ. չգիտեմ ի՜նչ զարմանալի զգացում մըն է ան, որ զիս կը մղէ շատերէն գաղտնի պահել ուզած մէկ բանս քեզի յայտնելու։

— Է՜հ, բնական է ատ, մարդ չկայ, որ գաղտնիք մը, այն ալ սրտի գաղտնիք մը ունենայ եւ ուրիշի մը հաղորդել չուզէ:

— կարծեմ թէ մտերիմ ու սրտակից բարեկամուհի մը ունենալը այս պարագային մեծ բարեբախտութիւն մըն է:

— Անտարակոյս, պատասխանեցի:

Համբերութիւնս կ՚սպառէր։

Խորին հառաչ մը արձակելով ըսաւ.

— Ա՛խ, սիրելիս, կը սիրեմ զինքը, յիմարի մը պէս կը սիրեմ:

— Ո՞վ, հարցուցի զարմացմամբ:

— Պ. Մ...ը, պատասխանեց, արտասուքի երկու կաթիլներ այտերէն վար հոսեցնելով։

Նոյն պահուն կարծես վրաս կուժ մը պաղ ջուր թափեցին. ո՜հ, այդ բառը, այդ անո՛ւնը...: Ելեքտրական ցնցումի նման վայրկենապէս ամբողջ մարմինիս մէջ շրջան ըրաւ:

Վրաս ջղային սարսուռ մը գալով նուաղեցայ։

Քիչ մը վերջը նուաղումս անցաւ:

Աշակերտուհիս գունաթափ եղած էր:

— Զիս շատ վախցուցիք, ինչո՞ւ այդպէս եղաք, հարցուց սրտադողով մը։

Ինքզինքս ժողուելով պատասխանեցի.

— Այս օրերս ջիղերս շատ գրգռուած են. մերթ ընդ մերթ այսպիսի տագնապներ կ՚ունենամ. տուշէն բաւական օգտուած էի, երէկ արդէն ինքզինքս տկար կ՚զգայի, այսօր հետեւանքը կրեցի: