Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/43

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

— Վա՜տ շուն, ըսինք, երկուքնիս մէկ բերան, եւ երեսը թքնելով, պարտէզէն մեկնեցանք:

Կեցած տեղը արձանացած մնաց:

Պարտէզին դռնէն արհամարհանքի վերջին ակնարկ մըն ալ ձգելով տուն դարձանք:

Այսպէս լուծեցինք մեր վրէժը:

Երկուքնիս ալ գոհ մնացինք:

Երեկոյին, նախատալից եւ արհամարհոտ նամակ մը գրելով երկուքնիս ալ ստորագրեցինք, մեզի տուած սիրային յիշատակները սոյն գիրին կցելով իրեն վերադարձուցինք:

Ահա այսպէս վերջացաւ ինձ երջանկութիւն եւ ապագայ խոստացող սէր մը:

Կը խորհիմ թէ աշխարհիս վրայ նմանօրինակ վատութիւն մը, նմանօրինակ հրէշային զեղծում մը արդեօք գործուա՞ծ է...: Մաքուր եւ անկեղծ սէր մը խաղալիկ ընել, կոյս ու անարատ սիրտ մը ցեխերու մէջ թաթխել... ի՜նչ անազնուութիւն, ի՜նչ վատութիւն եւ ի՜նչ ցածոգիութիւն...:

Լոկ ժամանց մը ունենալու, վայրկենական եւ գազանական հաճոյք մը վայելելու համար, մեր երկուքին պատիւը իր աղտոտ ձեռքերուն մէջ առած, երկար ատեն մեզ խաբեց. ի՜նչ սրիկայական սիրաբանութիւն, ի՜նչ անգթութի՜ւն...:

Կեղծիք, խաբեբայութիւն, վատութիւն, անխղճութիւն կը տեսնես չորս կողմդ:

Արժանապատուութիւն եւ պատւոյ նախանձախնդրութիւն չեղած տեղ մը մարդ հազիւ իրաւունք ունի ապրելու: Եւրոպական բարքերուն եւ կենցաղավարութեան միայն արտաքին ձեւը (Ֆօրմ) կապկաբար ընդօրինակած ենք, ան ալ իրար խաբելու, իրարու աչք շլացնելու համար, եւ ընդհակառակը հիմը (Ֆօն) անտեսած ենք: Այս պատճառաւ հաւասար կը