Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/46

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

եկաւ։ Ամենէն ճաշակաւոր շրջազգեստը հագնելով ըստ սովորութեան ձեռքերովս սուրճ եւ անուշ հրամցուցի. սուրճին գաւաթը առած միջոցիս քաղաքավարի ջուր մը խնդրեց:

Ջուրը հրամցնելով հեռացայ։

Քիչ վերջը իրենք ալ մեկնեցան:

Անոնց մեկնելէն վերջը հայրս եւ ես մինակ մնալով, հայրս հարցուց.

— Ի՞նչպէս գտար, հաճելի չէ՞...:

— Ինծի հաճելի ըլլալը ի՞նչ օգուտ ունի, քանի որ ինքը զիս չհաւնեցաւ, ըսի տխուր շեշտով մը։

— Կր սխալիս, ըսաւ հայրս զարմանալով։

— Է՜հ, եթէ հաւնած ըլլար, իբր խօսք-կապ մատանի մը կու տար:

— Անգէտ աղջիկ մատանին նշանատութիւն եւայլն վերջէն ըլլալիք բաներ են. մեր սովորութեանց մէջ հաւանութեան նշանը տարբեր է, դուն միայն եւրոպական սովորութիւնները կարդացեր ես ու գիտես: Քեզմէ ջուր մը չուզե՞ց...։

— Այո ուզեց։

— Ահա մեր մէջ հաւանութեան նշանը ատ է, ըսաւ հայրս, միամտութեանս վրայ ծիծաղելով։

— Ի՜ևչ տարօրինակ սովորութիւն, պատասխանեցի իր բացատրութենէն ուրախ. շէնք շնորհք երիտասարդ մըն է, ընթերցասէր կ՚երեւի։

— Այո՛, առաջ դասատու է եղեր, հիմա նոր գործէն լաւ կր շահի:

— Ուրեմն, ըսի, ձեռքը չպիտի մերժեմ. Աստուծոյ կամքը ինչ որ է՝ ան թող ըլլայ:

— Թէեւ հաւանութիւնը տուաւ, սակայն տեսնենք դրամօժիտի խնդիրը ի՞նչ պիտի ընենք, բուն դժուարութիւնը հոտ է, սիրելի աղջիկս, ա՜խ եթէ ունենայի, քեզ երջանիկ ընելու համար հազարներով պիտի տայի, ինչպէս որ կրթութեանդ համար չխնայեցի: