Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/48

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

չեմ. Միակ գործնական ճամբայ մը մնացած է, ան ալ իմ գործիս չի գար, այսինքն պարզ արհեստաւորի մը հետ ամուսնանալ: Իմ ճաշակս, կրթութիւնս, զարգացած ու նրբացած դաստիարակութիւնս երբեք չեն համաձայնիր արհեստաւոր դասու կարգին պատկանող եւ միջակ կրթութիւն ստացող երիտասարդի մը հետ. անհաւասար եւ աններդաշնակ կենակցութեան մը մէջ հաճոյք եւ երջանկութիւն փնտռելը յիմարութիւն է, եւ այդ կեանքը նահատակութիւն մը...:

20 Նոյեմբեր

Նախկին դասընկերուհիս, Տիկին Տօքթ. Տ...եան, այսօր այցելութեան գալով եւ ամուսնութեանս անյաջողութիւնը լսելով շատ ցաւեցաւ:

Մեր ապրած միջավայրէն ինքն ալ դժգոհ է. ի մօտոյ ամուսինին հետ Ամերիկա վերադառնալ կը փափաքի:

Ամուսինը փոքր Ասիոյ կողմերը պտոյտ մր ընելէն վերջը պիտի դառնայ. ամուսնոյն բացակայութեանը. աւելի յաճախ այցելութիւններ տալ խոստանալով մեկնեցաւ:

6 Յունուար

Երէկ Բերա ելայ, Տէր եւ Տիկէն Տօքթ. Ս...եանի այցելութիւն մը տալու համար:

Գիշերը հոն մնացի:

Սովորական այցելութիւն մը չէր. Տօքթէօրին ողջերթ պիտի մաղթէի, ինչպէս որ մտադիր էր Փոքր-Ասիոյ կողմերը պտոյտ մը կատարել, մեկնեցաւ:

Գիշերը ընդ երկար խօսեցանք. խօսքը ապագայիս վրայ դառնալով Տիկին Տ...եան ըսաւ.

— Ամուսինս իր ճամբորդութեան մէջ ծովեզերեայ եւ ներքին մեծ քաղաքներ այցելելու մտադիր է. միտքս բան մը ինկաւ, գաւառացիներուն մէջ հիմա քիչ շատ զարգացած եւ կարողութեան տէր անձեր