Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/53

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Այս մտորումներով սիրտս դողի մէջ է եւ միշտ կասկածոտ եմ. ո՜հ, եթէ դրամօժիտի խնդիրը դարձեալ յուզուի, պիտի խենթենամ... զգացած ցաւէս պիտի մեռնիմ:

Վերջապէս ինձ համար այն օրը մահու եւ կենաց խնդիր մը պիտի ըլլայ...:

20 Օգոստոս

Ս...եան էֆ.ի ոտքին վէրքը թէեւ անցաւ, սակայն անկից քիչ մը վար նոր ուռեցք մը գոյացաւ: Բժիշկները այսօր գործողութիւն մը եւս կատարեցին. Տօքթ. Գամպուրօղլուն, այդ ճարտար եւ փորձառու վիրաբոյժը ըրաւ գործողութինը:

Բոլոր բժիշկները կը վստահեցնեն թէ ուրիշ գործողութեան մը հարկ չպիտի մնայ. խեզճ մարդը որչափ տառապեցաւ:

22 Օգոստոս

Գ... քաղաքէն Տօքթ. Տ...եան բարեկամէս այսօր նամակ մը եւս ստացայ: Նամակին նիւթը դարձեալ մեծ մասամբ ինձ ներկայանալիք երիտասարդին վրայ էր. այսպէս կ՚սկսէր.

«Սիրելիս, առաջին նամակս գրելէս վերջը, Տօքթ. Բ...եանի վրայ տեղեկութիւններ հաւաքեցի. բոլոր քաղաքացիք զինքը կը գովեն. իր արուեստին մէջ յաջողակ ըլլալէն զատ, շատ բարեսիրտ եւ աղքատասէր է եղեր: Այս պարագան մասնաւորապէս ուշադրութեանդ կը յանձնեմ, որպէս զի դրամօժիտի խնդիր ծագած ժամանակ, ուղղակի սրտին դիմես. չեմ կարծեր թէ պնդէ. իր փնտռածն ալ քեզ նման կրթեալ եւ տնտեսող աղջիկ մըն է:

Այս վերջին տեղեկութիւնները ինձ մեծ յոյս կու տան, հայրիկս զիս բոլորովին վստահացուց։

— Աղջիկս, դուն հոգ մի՛ ըներ, ըսաւ, ես ինքզինքս կը ծախեմ, զայն գոհ ընելու համար. դուն այդ