Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/57

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է
7 Սեպտեմբեր

Բարեբախտաբար սպասուհիս անոնց ծանօթ ելաւ. տասը տարի առաջ միեւնոյն թաղը կը բնակի եղեր:

Այսօր հօրս խորհուրդովը սպասուհինիս անոնց տունը ղրկեցինք, գաղափարնին շօշափելու համար:

Քոյրերը թէեւ հաճութիւն տուեր, սակայն 500 ոսկի դրամօժիտ պահանջեր են. սպասուհիս ալ պատասխաներ է:

— Գուցէ 300 ոսկի կրնան տալ, այն ալ աւելորդ կահ կարասիները ծախելով, սակայն մեծածախս օժիտ մը պատրաստ ունի որմէ շատ գոհ պիտի մնաք:

— Ես եղբայրս գետնէն գտած չեմ, 1000 ոսկի դրամօժիտ տուող ալ կայ. ինքը նոր խելքի ծառայելուն՝ չհաւնեցաւ, ուսեալ կը փնտռէ. հոգ չէ սակայն, քանի որ սիրտը ան սիրեր է՝ թող առնէ, բայց 500 ոսկիէն պակաս դրամօժիտով կարգուիլը իրեն ամօթ է. հասարակ դեղագործներ 500-600 ոսկի դրամօժիտով կարգուեցան, իմ եղբայրս անոնցմէ՞ ալ վար է... պատասխաներ է մեծ քոյրը:

Սպասուհիս ըսեր է.

— Ձեր եղբայրը խնդրուած դրամօժիտէն շատ վեր արժանիք ունի. շիտակը եթէ հայրը դրամ ունենայ՝ հազարներով կու տայ. այսօր աղքատ ինկեր է, բայց ազնուական պատուաւոր գերդաստան մըն է. աղջիկը առնելով չէք խաբուիր:

Գիտցողին իմ եղբայրս գանձ մըն է, աւելցուրցեր է փոքր քոյրը:

Ահա դարձեալ մէջ մտաւ դրամօժիտի անիծեալ խնդիրը, բայց այս անգամ անյոյս չեմ. կարծես թագուն եւ խորհրդաւոր ձայն մը ինձ կ՚ըսէ.

— Դիմացինդ ազնիւ հոգի մը, բարի սիրտ մը ունի, շահամոլ եւ եսական չէ. քանի որ քեզ սիրեց, ան քուկդ պիտի ըլլայ...: