Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/63

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

— Ո՜հ, այս գիշեր կեանքիս էն հաճելի եւ էն նախանձելի օրերէն մին եղաւ. կարծես մէկ վայրկեանի մէջ բոլոր, տառապանքներս մոռցայ եւ նոր, երջանիկ կեանք մը սկսայ: Յուսացածէս աւելի լուրջ, աւելի տաղանդաւոր եւ աւելի ազնուասիրտ է եղեր:

Իրմէ խնդրեցի որ մեր այս միութիւնը պաշտօնական կերպով նուիրագործուի. հաճեցաւ եւ որոշեց ամսոյս 21ին կատարել:

Այս յաջողութեանս լուրը բարեկամիս Տօքթ. Տ...եանի գրելով շնորհակալութիւնս յայտնեցի: Ինքն ալ խոստացաւ գրել:

Այսօր երեկոյեան դէմ մեկնեցաւ:

18 Սեպտեմբեր

Այսօր խօսեցեալս եկաւ. իր հեղինակութիւններէն երկու գիրք անգլիական ոսկեզօծ կազմով ինձ նուիրեց:

Կողքերուն վրայ հետեւեալը գրած էր.

Նուէր սիրոյ եւ համակրանքի

Առ իր պաշտելի խօսեցեալը Թ...

1878 Սեպտ. 14 Տօք. Բ...եան

Հակառակ իր լուրջ բնաւորութեան եւ դրական արուեստին, սիրող եւ զգայուն սիրտ մը ունի:

Առաւօտները անկողինէն ելլելէն վերջը զինքը հագուեցնելով մեծ հաճոյք կ՚զգամ:

21 Սեպտեմբեր

Այսօր ինձ համար նուիրական է. Սեպտեմբեր 21 թուականը կեանքիս արշալոյսը, երջանկութեանս նախադուռը եղաւ:

Այլ ես աշխարհի վրայ մինակ չեմ, ապագաս իրմով ապահովուած է, միասին երջանիկ կեանք մը պիտի վարենք. պահապան հրեշտակի մը պէս զինքը թեւերուս մէջ պիտի հանգչեցնեմ...:

Այսօր մեր երկու տան քահանաները Ազգային Պատրիարքարանի մէջ ազգականներու եւ բարեկամներու