Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/68

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է
6 Մայիս

Վաղը Պօյաճիգիւղ օդափոխութեան պիտի երթամ. մարմինս ու հոգիս կազդուրելու մեծ պէտք ունիմ. անցեալ շաբթուան հարբուխս զիս շատ տկարացուց:

Պօյաճըգիւղ 9 Մայիս

Այսօր մայիսի գեղածիծաղ եւ կենսաւէտ օդը վայելելու համար ազգականուհիիս հետ Մասլաք գացինք. մշտադալար եւ հոգեզմայլ դաշտերուն եւ մարգերուն մէջ, կարկաչահոս առուներուն եզերքը ազատ շրջելով առողջաւէտ ու մաքուր օդը լիաթոք ծծեցի...:

Այցելեցի նաեւ կայսերական դղեակը, մրգալից պարտէզը եւ մինչեւ Քեաղըտհանէ տարածուող գեղատեսիլ պուրակը:

11 Մայիս

Երկու օր Մասլաք մնալէ վերջը գիւղ դարձանք. այս քանի մը օրուան մէջ նախկին առողջութիւնս վերստացայ։

Բժիշկներուն գովածին չափ կայ եղեր. մարդ երբ բաց դաշտերուն մէջ մաքուր օդ ծծէ եւ մարմնական շարժումներ կատարէ, իր վրայ անմիջապէս անոնց լաւ արդիւնքը կ՚զգայ եղեր։

25 Մայիս

Այսօր հայրիկէս գիր մը ստացայ որ պաշտլի խօսեցեալիս ճամբայ ելլելը կ՚աւետէ. հեռագիրը նամակին մէջ ներփակած էր:

Այս ուրախառիթ լուրը առնելով սիրտս սաստիկ տրոփել սկսաւ. դադար չունիմ. եթէ գիրը ուշ չհասնէր, անմիջապէս շոգենաւ պիտի նետուէի․ դժբախտաբար Վոսփորէն իջնող վերջին շոգենաւը մեկնած էր:

Գատըգիւղ 26 Մայիս

Երէկ գիշեր աչքերս ուրախութենէս՝ քուն չտեսան. անկողինիս մէջ միշտ ապագայիս վրայ մտածելով