Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/7

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

գործարաններու անդամակազմական իւղաներկ պատկերներ, ոգելից բիւրեղեայ ամաններու մէջ դրուած վիրաբուժական նմոյշներ, ինչպէս, կտրուած ոտք, ձեռք, ծիծ, շրթունք եւայլն, եւ գրադարանին քովիկը՝ մարդկային կմախք մը։ Կարծես այս գերեզմանական տեսարանին տրտմանոյշ տպաւորութիւնը աւելի ազդեցիկ ընելու համար, պատէն կախուած էր Քրրիստոսի խաչելութեան պատկերը, եւ ծնրադիր, մեղմանոյշ աչքերը երկինք ուղղած ու սիրուն մազերր անխնամ ետին ձգած Մագթաղինէին նկարր:

Շքասեղանին վրայ եւ սեւ հայելիին առջեւ դրուած էր հրաչեայ մանկամարդ կնոջ մը կենդանագիրը, սեւ շրջանակով եւ սեւ ժապաւէններով շրջապատուած. հայելիին եւ լուսանկարին երկու կողմը արծաթեայ աշտանակներու վրայ տնկուած մոմերր այդ լուսանկարին՝ դագաղի մը տեսքը կ՚ընծայէին: Վերջապէս այս տունը սուգ ու արտասուք կը հոտէր եւ մեոելական ընդհանուր տխրութիւն մը կը տիրէր...:

Վայրկեան մը բաւ եղաւ ինձ, տիրող այս ընդհանուր սուգը նշմարելու. ինքզինքս այդ տխուր ու մելամաղձոտ ներգործութենէն ազատելու եւ մտածումներուս տարբեր ուղղութիւն մը տալու համար, սկսայ գրադարանին ապակիին վրայէն գրքերու անունները կարդալ։ Գիտական ու գրական երկերու ճոխ հաւաքածոյ մըն էր:

Գրադարանին մէջ ամենէն աւելի ուշս գրաւողը ձեոագիր տետրակ մըն էր. միւսներէն տարբեր դիրքի մը մէջ դրուած ըլլալուն, որոշակի կրցի կարդալ նուրբ գրերով, հաւանաբար կանացի փափուկ ձեոքով վրան գրուած յետագայ ուշագրաւ եւ շահագրգիռ տողերը․