Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/71

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է
20 Սեպտեմբեր

Այսօր բարեբախտութիւն ունիմ ամուսինս կոչելու Տօք. Բ...եանը եւ իր մականունը կրելու։

Հարսանեկան հանդէսը, ինչպէս կանխաւ որոշած էինք. պարզ կերպով կատարեցինք։

Այս առթիւ ազգականներէ եւ բարեկամներէ թանկագին նուէրներ ստացայ. սրտովին շնորհակալ եմ իրենց։

Այժմ կ՚զգամ թէ պարտականութիւնս եւ պատասխանատուութիւնս մեծ է, կինը տանը հիմն է. ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեմ, զինքը գոհ եւ երջանիկ ընելու։

Փառք կու տամ Աստուծոյ որ այնքան զրկանքներէ ու տառապանքներէ յետոյ, այս օրուան երջանկութիւնը ինձ պարգեւեց։ Կատարեալ եւ օրինակելի ամուսիններ պիտի ըլլանք եւ տունը դրախտի մը պիտի վերածենք։

Սրտակից ու գաղափարակից էինք արդէն. ուրեմն նախանձելի միութիւն մը պիտի կրնանք կազմել։

Այսուհետեւ կը յուսամ եւ կը մաղթեմ որ Յիշատակարանիս մէջ միշտ ուրախ դէպքեր եւ բարեբաստիկ կեանքի մը հետքերը պիտի կրնամ արձանագրել։

22 Փետրուար 1881

Ո՜հ, ամուսնական կեանքին մէջ ի՜նչ ցանկալի ու սրտագրաւ քաղցրութիւններ կան եղեր։

Այսօր ալ նոր ուրախութիւն մը, անփոխարինելի նոր հաճոյք մր կ՚զգամ, բոլորովին նոր եւ քաղցր պարտականութիւն մըն ալ պիտի ունենամ... այո՛, քանի մը ամիս յետոյ մայր պիտի ըլլամ...։

16 Մարտ

Յղութեան վիճակս ջղային տկարութիւնս երեւան հանեց, մէկ քանի օրէ ի վեր սաստիկ կը տառապիմ. քունս բոլորովին խանգարուած է եւ ամբողջ ջղային դրութիւնս գրգռուած։