Իր այս վտանգաւոր վիճակը տեսնելով սիրտէս արիւն կ՚երթայ:
Հակառակ բոլոր ջանքերուս եւ ազդու դարմաններուս, հիւանդութիւնը արագ շրջան կ՚ընէ: Շատ անգամ զիս ալ չի ճանչնար, միշտ կը զառանցէ: Աստուա՜ծ իմ, անյուսալի վիճակ մը ունի, պիտի խենթենամ...:
Իր այս ծանր վիճակին մէջ կէս օրին յանկարծ ուշաբերելով՝ զաւակը տեսնել ուզեց:
Զգուշուեամբ իրեն մօտեցուցի զայն:
— Զաւա՛կս, զաւա՛կս... ըսաւ, խենթի պէս աչքերը բացած եւ իսկոյն անզգայ ինկաւ:
Կէս ժամ վերջն ալ հոգին աւանդեց:
Վրան ինկայ եւ յորդահոս արտասուքներովս զինքը ծածկեցի:
Բարեկամուհիները դժուարաւ զիս անկէ բաժնեցին ո՜հ, երանի թէ երբեք չբաժնէին ու զիս անոր հետ թաղէին...:
Կեանքիս մէջ առաջինն անգամն է որ սիրտս ու կեանքըս խորտակող սիրելիի մը կսկծալի մահը կը տեսնեմ...:
Երէկ երեկոյին սրտահատորիս թաղման հանդէսը կատարելով իր փափուկ մարմինը ցուրտ ու սեւ հողին յանձնեցի եւ ձեռքովս ու արտասուքովս կնքեցի իր գերեզմանը:
Իր յիշատակը սրտիս խորերը անջինջ պիտի մն եւ իր գերեզմանը նուիրական ուխտատեղի մը:
Այսօր նորածին զաւակիս համար յարմար սնտտու մը վարձեցի:
Իր ցաւալի մահը այսօր թէ՛ հօրը եւ թէ մեր տունը գրեցի. զաւակիս ծնունդը կանխաւ հեռագրած էի: