Էջ:Անլռելի Պարոյր Սեւակ, Թորոս Թորանեան.djvu/15

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված չէ

Թաղման»ը, իսկ անգլերէնի թարգմանութեամբ՝ «Քիչ ենք բսւյց հայ ենք» քերթուածը։ 5. – Սիմոն Սիմոնեանի «Սփիւռք» շաբաթաթերթը հրատարակած է ամերիկահայ գրող Յակոբ Ասատուրեաեի առանձնատիպը «Պարոյր Սեւակի հետ», յօդուածաշարքին վերջին մասը - 1971։ 6. – Վահէ Վահեւսն իր խմբագրած ԱՆԻ ամսագիրի 1949 թուականի Գ. Տարի թիւ 7-իե մէջ Սեւակին «Անմահները Հրամայում են» գիրքը գրախօսելով ըսած է. - Այդ քերթուածները ունին առոյգ հրապոյրը անդրանիկ բխումի մը, որ զերծ է վարանքէ եւ կը պարտադրէ ինքզինք՝ ինքնավստահ իր համարձակութեամբ։ Րևժեղ նայուածք է, լայն հորիզոն, համապարփակ զգացողութիւն, գաղափարականօրէն հասուն միտք ու տիրապետուած արուեստ։ «Ահաւասսիկ յատկութիւններ, որոնց երջանիկ յայտնու¬ թիւնը կունենանք իր գիրքէն»։ 7. – ՇԻՐԱԿ ամսագիրը իր 1960-ի 10-րդ թիփն մէջ՝ «Ինչպէս մի կաթիլի մէջ» յօդուածը տպած է։ Իսկ 1961-ի, Ապրիլ Մայիս թխին մէջ տուած է բանաստեղծին «Հայրենիքիս», «Ցաւն է յաճախ առաջ մղում» եւ «Հիսւնում հրճւում եմ» քերթուածները։ 8. – ՎԱՐԱԳ– Լոս Անճելոս– Համավասպուրական Հայրենակցական Միութեան պարբերաթերթը իր Հոկտեմբեր, 1971ի 74-րդ թիլը Պարոյր Սեւակին նոիրած է։ Խմբագիր՝ Գէորգ Ֆրոյեան։ Առաջին էջին վրայ Սեւակին մեծադիր նկարը, ապա՝հետեւեալ քեր¬ թուածները. «Հայաստան», «Քիչ ենք բայց հայե ենք, ու հատուած մը «Անլռելի Զանգակատուն»էն։ Նաեւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան մէկ հաղորդագրութիւնը Վահագն Դաւթեանի յօդուածին առընթէր։ 9. – 1966-ին Եդուարդ Պոյաճեան իր «Դէմքեր» հատորին մէջ վեր¬ լուծական մը յատկացուցած է Պարոյր Սեւակին, գրելով. «Գլխաւորը իր մօտ այն է։ որ իր երկրին տէրն էր ու որպէս այդպիսին կը գործէր։ ա. Իր նխթը իր ժողովուրդն է, որուն մասին ոչ թէ կը մտածէր, այլ անոր մասն էր։ «Օտարութեան» մէջ ազատ լինելն էլ այլ գերութիւն է, ու տան մէջ գերի լինելը այլ ազատութիւն»։ բ. Չդաւաճանել կոչումին։գ. Կաղապարներու մարդ չէր բոլորին նման, քանդակագործ էր։ դ. Քալող 13