Էջ:Անլռելի Պարոյր Սեւակ, Թորոս Թորանեան.djvu/16

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված չէ

հայրենասիրութիւն էր, ոչ թէ քալող դագաղ։ ե. Հիւսիսի այսպէրկներուն կը նմանէր՝ 1/8-րդը կը տեսնուէր։ զ. Իր երդերը գետերու եւ ծովերու մէջ ձգուած պէթոհ արմէն է, որ երթալով կ՚ամրանայ եւ ոչ թէ կը հալի այն ձիւնին կամ սառոյցին նման, որ ջուրին կը հանղիպի։ է. Ոմանք կը մնան գրականութեան պատմութեան, ուրիշներ միայն գրադարաններու։ Սեւակը՝ գրականութեան մէջ, յիշեցէք Նարեկացին։ ը. Իր սահմանը կաւիճով չէ ներկուած որ սրբուի, այլ որդան կարմիրով։ թ. Ելեքտրականութեան երկու բեւեռներն էր ինք իր առաւել ու նուագով։ ժ. Ծանօթ էր համաշխարհային գրականութեան ոչ միայն անոնց անուններով, այլեւ անոնց գործերուն ընդմէջէն, Պոտլեռ, Շիլլեր, Շէյքսփիր, Շօ, Հաֆէզ, Սաատի, Խայյեամ, Հայնէ, Տանթէ, Կէօթէ եւ դեռ շարունակելի։ ժա. Ռէեւ իր գերեզմանը հեռու է Երեւանէն։ 10– Փարիզի ՅԱՌԱՋ օրաթերթը 1971ի 23 Յունիսի թիլին մէջ Պարոյր Սեւակի մահուան լուրը տալով «Ոչ եւս է Պարոյր Սեւակ» վերնագրին տակ գրած է. - Խոր ցաւով լսեցինք, թէ Յունիս 17ին Երեւանի մէջ, կառքի եղերական արկածի մը զոհ գացած է «Անռլելի Զանգակատան» հեղինակը բանաստեղծ Պարոյր Սեւակ։ Նոյն ստկածին զոհ գացած է նաեւ տարաբախտ գրագէտին տիկինը։ Պարոյր Սեւակի անակնկալ մահով հայ գրականութիւնը կը կորսընցնէ իր լաւագոյն արտայայտիչներէն մէկը, որ ոչ միայն եզակի արժէք մըն էր իբրեւ բանաստեղծ, այլեւ մարդ մը պարզ, խանղավառ ու անկեղծ։ Վերջապէս մարդ մը այն քիչերէն, որու վաղահաս կորուստը շատ զգալի պարապ մը կը թողու, պարապը մէկուն, որ դեռ պէտք է մնար՝ «Անլռելի Զանգակատուն»։ 27 Յունիսի իր թիւով ՅԱՌԱՋ տուած է բանաստեղծին յուղարկաւորութեան լրատուութիւնը՝ թերթի առաջին էջին վրայ քերթողին մէկ լուսանկարովը եւ անոր «Ազատութիւն» բանաստեղծութիւնը։ Նոյն թիւին մէջ «ՍայեաթՆովա» եւ «Առաջադրանք համայն աշխարհի հաշուիչ մեքենաներին եւ ճշգրիտ սարքերին» քերթուածը։ Պէյրութի ՍՓԻՒՌՔ շաբաթաթերթին 24 Յուլիսի թիլին մէջ լոյս տեսած է «Ինչպէս մեռաւ Պարոյր Սեւակ» յօդուածը։ Օգոստոս 8-ի թիւին մէջ հինգ բանաստեղծութիւն Սեւակի «Եղիցի Լոյս» գիրքէն։ Փարիզի ՅԱՌԱՋ օրաթերթը նախապէս ալ իր էջերը լայն բացած էր բանաստեղծին քերթուածներուն համար, իսկ 1972 Յունիս 16-ին, Սեւակի մահուան առաջին տարելիցի կապակցութեամբ ՅԱՌԱՋ֊ր կը հրատարակէ Սեւակին «Ձայնիւ երկրորդ առ Տէր կարդամ» եւ «Ծերանամ ենք» բանաստեղծութիւնները։