Էջ:Անլռելի Պարոյր Սեւակ, Թորոս Թորանեան.djvu/23

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Օրինակելի ընտրութեամբ մը այդ գրութիւնները առնուած են այն ուսումնասիրութիւներէն ու յօդուածներէն, զորս Սեւակ գրած էր Սայեաթ Նովայի, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի, Յովհաննէս Ռումանեանի, Սիամանթոյի եւ Եղիշէ Չարենցի մասին։


Պարոյր Սեւակը ընտրած է հայ գրականութեան այն ստեղծագործ մեծերը, որոնց կողքին ինք կանգնեցաւ ու պիտի մնայ այնքան ժամանակ, որքան պիտի ապրի մեր ժողովուրդը։


Ահա Պօղոս Սնապեանին խօսքը.


- Ի վերուստ պարգեւուած բանաստեղծական խմոր, բանաստեղծական հնարք, թռիչք, շունչ, լոյս եւ բանաստեղծական խորք ու տարածք չէր միայն Պարոյր Սեւակ, էր նաեւ լայն պատրաստութեան տէր մտաւորական մը, օժտուած մտքի բացառիկ գործունէութեամբ, խորանալու, տարբաղադրելու եւ դեռ անցաւոր խոտանը կոխկրտելու եւ մնայուն մատեանը կառավարելու անսուտ գիտութեամբ եւ օրինակելի արիութեամբ։


Գրականութեան տարբեր ճիւղերուն՝ բանաստեղծութեան, վիպասանութեան ու քննադատութեան մասին իր սահմանումները, իրենց ճանաչողական ընդստձակութեամբ եւ տրամաբանութեան սրութեամբ՝ կրնան պատիւ բերել ի պաշտօնէ եւ եւ ոչ անանուն բազմաթիւ քննադատներու։ Միշտ սրատես էր Սեւակ, շարքային չէր ոչ մէկ մարզի մէջ, տիրական ձայն էր ամէն տեղ, իր քանդակած «Վարք Մեծաց»–ին վարքով ապրած մեծ վարկի տէր դէմք մը, անսովորին հետամուտ, անսովորին համար տքնած, տառապած, հստցերուն բիւրեղացման հասած ընտիր մը, որուն խօսքը աւագներուն, թէ կրտսերներուն համար ունէր «Կոչի Զօրութիւն»։


«Աստուած իր սակաւաթիւ ընտրեալներու կարգին գնայունի եւ մնսւյունի գաղտնիքներ շշնջացած էր անպայման նաեւ «այր մի» Պարոյր Սեւակ անուն այս այրին, որ անժամանակ իր մահով այրիացուց հայ գրականութիւնը այրական բազում կստողութխններէ, խոհերէ, զգայնութիւններէ, խօսքի հրաշալի թեւաբախումներէ»։


Կը տրուին յօդուածներ Պարոյր Սեւակէ.


1. - Հայ նոր քնարերգութեան հիմնադիրն ու դասականը - ԳՐԱԿԱՆ ԹԵՐԹԷն 1968, թիւ 50։ 2. – Թումանեւսնի հետ... ԳԱՐԱՒՆ ամսագրէն 1969, թիւ 9։ 3. – Ասպետօրէն անկրկնելին– ԳՐԱԿԱՆ ԹԵՐԹԷն 1963, թիւ 3։ 4. – Եղիշէ Չարենց– ԳՐԱԿԱՆ ԹԵՐԹԷն, 1967, թիլ 40։ 19.– Պարոյր Սեւակի մսւհուան սարսռազդու փաստին առաջին ար–