Էջ:Անլռելի Պարոյր Սեւակ, Թորոս Թորանեան.djvu/26

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

թերթին 20 Յունիսի թիւին մէջ, զոր ստորագրած են միութեան Հիմնադիրներու Մարմնին կողմէ Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեանն ու մեթր Հրաչ Սեդրակեանը։ Իր խմբագրականներէն մէկուն մէջ ԶԱՐԹՕՆՔ-ը գրեց.

- Պարոյրը սիրեց ճշմարիտը եւ միշտ հաւատարիմ մնաց բարիին, չկեղծեց ոչ ըմբռնում, ոչ զգացում, ոչ ալ երեւակայութիւն։ Մնաց միշտ պարզ իր քերթողութեան մէջ՝ չափանիշի վերածելով անկեղծութիւնը։

«Անլռելի Զանգակատունը» եղաւ իր գաղափարախօսութիւնը, իսկ իր մարդկային աղօթքը՝ «Եղիցի Լոյսը»։ Ան իւրաքանչիւր յարկէ ներս մտաւ որպէս Հայոց Աշխարհի զանգակատան ղօղանջ։ «Մարդը ափի մէջ» դրաւ եւ որպէս ստեղծագործ, կշռեց անոր մեղքերն ու սէրերը, ազատութիւններն ու երազները։ Եւ եթէ արուեստը Աստուած է, ապա Սեւակ լաւագոյնս արտայայտելով ժողովուրդին պարզ ու որդիական սէրը՝ հողին եւ ազգային հանճարին նկատմամբ, հայ նոր քերթութեան արժանի ընտրեալը դարձաւ։

ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթին մէջ լոյս կը տեսնէ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ զոյգ թերթերուն՝ ԶԱՆԱՍԷՐ-ին ու ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ-ին մէկ հեռագիրը ուղղուած Հայաստանի Գրողներու Միութեան Ա. քարտուղար՝ էտուարտ Թոփչեանին.

- ՋԱՆԱՍԷՐ եւ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ թերթերուն խմբագրութիւնը եւ ընթերցողները խորապէս կը սգան բանասէր ու հայրենասէր Պարոյր Սեւակի վաղաժամ եւ կսկծալի մահը ու իրենց խոր վիշտը, նաեւ մխիթարութիւնը կը յայտնեն անոր հարազատներուն, Գրողներու Միութեան ու Հայաստանի կառավարութեան։

Պարգեւ Ն. Տարագճեան՝ պատասխանատու Խմբագիր։

Հալէպի Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հ.Ե.Ընկերակցութիւնը Պարոյրին ու տիկնոջ մահէն երեք օր ետք, սգահանդէս կը կազմակերպէ։ Այս մասին թղթակցութիւն կայ թերթին 8 Յուլիսի թիւին մէջ, գրուած Վարղան Սվաճեանին կողմէ, որ ընդարձակ մէջբերումներ կ'ընէ օրուան բանախօսներուն խօսքերէն բժիշկներ Խաչիկ Արապեանէն ու Թորոս Թորանեանէն։

Պարոյր Սեւակ թաղուեցաւ իր ծննդավայր գիւղին մէջ, զոր ժողովուրդը յետոյ «Սեւակաւան» կոչեց։ Ինչ փոյթ, թէ ուր թաղուեցաւ մեծ բանաստեղծը, անոր բնակավայրը հայ ժողովուրդին մշտարթուն սիրտն է։ Անդրանիկն ալ Փարիզի Փէր լա Շէզին մէջ հանգստացաւ պահ մը, իսկ Պարոնեանը, Չարենցը, Վազգէն Շուշանեանը գերեզման չունեցան։ Ո՞ւր է անոնց տեղը... Անշուշտ հայ ժողովուրդին սիրտը

1971 Յունիս 20-էն սկսեալ Պարոյր Սեւակին շիրիմը հանուր հայու–

24