Էջ:Արմանտ բանաստեղծը, Թորոս Թորանեան.djvu/10

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված չէ

Հետագային, սակայն, երբ բանաստեղծին գորեերը արժանացան մրցանակներու և տպագրուեցան Լիբանանի կամ Ամերիկայի մէջ, այդ գործերը բնական ճամբով ճանաչում բերին հեղինակին։ Յիրաւի, ամենամեծ դատաւոր ժողովուրդը, յաճախ սեղմ ու ճշգրիտ նախադասութեամբ մը դրսևորած է իր դարաւոր փորձառութիւնը։ Այսպէս, ժողովուրդը ըսած է. — Տաշուած քարը չի մնար քարահանքի մէջ։ Ըսած է նաեւ.— Վարդը ուր ալ պահուտի, տեղը յայտնի կը դառ– նայ անոր բուրմունքէն: Բայց մենք ուշ առինք այս վարդին բուրմունքը, արդեօք մեր հոտառական ջի՞ղն էր վնասուած, թէ Սփիւռքի գաղութէ–գաղութ կամուրջներն էին թոյլ... Անկասկած, տեղին է շեշտել, որ գաղութէ–գաղութ մեր կապերը չունին բանուկ ճամբաներու յատկութիւն։ Ու ասիկա ի վնաս բոլորիս: Արդեօք տասնամեակնե՞ր սա- հելու էին, որ մենք ճանչնայինք գործերը սա կամ նա գրողին։ Չկարծէք, որ իրանահայ գաղութը կղզիացած կեանքով մը կ'ապրէր: Քանի՞ հոգիի հասած էին գործերը ֆրան- սահայ գրողներ Ահարոնի և Յարութ Կոստանդեանի: Թէև այս վերջինը նոյնպէս իրանահայ էր, բայց իր գիտակ- ցական ամբողջ կեանքը անցուցած էր Ֆրանսայի մէջ։ Ֆրանսահայերը կղզիացած չէին, բայց ֆրանսահայ գրողներէն ոմանց գործերը չըրին ողջ շրջանը Սփիւռքին: Մէկ խօսքով, Սփիւռքը գրականութեան յատուկ քաղա– քականութիւն չկրցաւ որդեգրել, որպէսզի հայրենի հողէն հեռու ստեղծագործող հայ գրողը համընդհանուր ճանա- չումի արժանանայ: Ահա այսօր, մենք եկած ենք ըսելու մեր համեստ խօսքը ոչ թէ անտեսուած բանաստեղծի մը, քաւ լիցի, վկայ իր

               - 3 -