Էջ:Արմանտ բանաստեղծը, Թորոս Թորանեան.djvu/11

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված չէ

գործերուն մրցանակներու արժանանալը, այլ՝ մէկու մը մասին, որ արժանի է աւելի լայն ճանաչումի: Բանաստեղծ մըն է ան՝ Արմանտը։ 21—րԴ դարու սեմին զբաղիլ բանաստեղծութեա՞մբ։ Այո՜, ինչու չէ։ Որքան ալ գիտութիւնը մեզ ամէն օր զարմանքի մատնող նուաճումներ կատարէ և հասնի նոյնիսկ մարդաբնակ աստղեր, որոնց գոյութիւնը ենթա– դըրութիւն է մինչեւ այսօր, մարդիկ ջերմուժ ալ ստանան աթոմէն, մեր սերունդները պիտի շարունակեն սիրել ու արտասանել Հաֆէզ կամ Մեծարենց, Օմար Խայեամ կամ Վարուժան, առանց երբեք մոռնալու Նարեկացին կամ Զարենցը։ Եւ ի՞նչ է բանաստեղծութիւնը։ Մայաքովսքին ըսած է. — Բանաստեղծութիւնը ճանա– պարհորդութիւն է դէպի անիմանալին։ Իսկ հայ մօր զաւակ՝ զուիցերիացի բանաստեղծ Վահէ Կոտելը այսպէս կը բնորոշէ յանգաւոր խօսքը. — Բանաստեղծութիւնը հրդեհէ փրկուած մանուկ է։ Եւ ո՛վ չի սիրեր մանուկները։ Ահա՛ հրդեհէ փրկուած այդ մանուկէն հետ ենք, Արմանտի բանաստեղծութիւններուն հետ, բոլորն ալ եկած մեծ բանաստեղծներու երկրէն՝ Իրանէն, բայց այս անգամ բխած հայ մարդու, հայ բանաստեղծի սիրտէն։ Իրանահայ բանաստեղծները ապրելով երկրի մը մէջ ուր բանաստեղծութիւնը մեծ կշիռ ունեցած է ինչպէս անց- եալին, այդպէս ալ ներկային մէջ, անշուշտ ջուր խմած են այդ աղբիւրէն—ինչպէս Արամ Գառօնէն, Ռիմա Գառօնէն, Դևը, Խանենցը և բոլոր միւսները։ Բայց անոնք, առանց բացառութեան, ջուր խմած են նաև հայ դարաւոր գրականութեան ակերէն: Այդ գրողներէն ոմանք վերահասու ըլալով եւրոպական

                    - 4 -