Էջ:Արմանտ բանաստեղծը, Թորոս Թորանեան.djvu/8

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված չէ

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ՄԸ ԻՐԱՆԷՆ՝

                 ԱՐՄԱՆՏ
            (ԱՐԱՄ ԱՆՏՈՆԵԱՆ)

Մեր խօսքը, 80–ամեայ բանաստեղծի մը վաստակին մասին է, որ իր գրեթէ ամբողջ կեանքը անցուցած է Իրանի մէջ։ Գրեթէ կ'ըսենք, քանի՝ վերջին տարիներուն, բանաստեղծը պէտք է միանար իր հարազատներուն, որոնք հաստատուած էին Ամերիկայի Պոսթոն քաղաքը։ Իրանահայ գրականութեան մասին, Սփիւռքի մէջ, մեր տեղեկութիւնները չեն համապատասխանած այն իրակա– նութեան, որ այդ երկրին մէջ իրագործուած ճիգերուն արդիւնքն է։ Տասնամեակներով, Մերձաւոր Արևելքի գրասէրներուն համար, որպէս բանաստեղծ ծանօթ անուն էր միայն Դևը, մարդ մը նկարիչ ու բանաստեղծ, ինչպէս Փարիզի տղա- ներէն՝ Բիւզանդ Թօփալեանըը: Դևը, դիւային ոչինչ ունէր իր մէջ, համակրելի անուն մըն էր, բայց այդպէս ալ չգիտցանք, թէ ինչու Սարգար Ղարաբէկեանը որդեգրած էր Դև անունը: Անցողակի ըսենք, միայն իրանահայ գրողները չէ, որ որդեգրած են երբեմն տարօրինակ գրչանուններ. նոյն միջոցին դիմած են նաեւ թիֆլիսահայ կարգ մը գրողներ: Արմանտի պարագան հասկնալի է: ԻնչպԷս ժամանակին Օհան Խաչատուրեանը գիտնալով, որ կայ Արամ Խաչա– տուրեանը, որդեգրեց Տուրեան ազգանունը՝ որպէսզի երաժշտական աշխարհի մէջ անուններու շփոթ մը չյա– ռաջանայ, այդպէս ալ, Արամ Անտոնեան բանաստեղծը

                  .1.