Էջ:Արմանտ բանաստեղծը, Թորոս Թորանեան.djvu/9

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված չէ

առաւ Արմանտ գրչանունը, որպէսզի զանազանուի Հրաշ- քով մը եղեռնէն ճողոպրած Արամ Անտոնեանէն, որ, որպէս պատրաստուած մտաւորական՝ յետեղեռնեան շըր- ջանին իր վկայութիւնները գրի առնելով սահմռկեցուցիչ ջարդերու մասին, իր գործը հարստացուց փաստաթուղ- թերով որոնք Թալաաթի ծածկագիր հեռագիրներուն կը վերաբերէին. ու այդպէսով իր կարևոր նպաստը բերաւ Հայ դատի ճանաչման աշխատանքներուն և յատկապէս Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութեան: Այո՜, իրանահայ գրողներու իրագործումներու վեր- լուծումը մեզ կրնայ տանիլ Հեռուները։ ՒրանաՀայ էր Ռաֆֆին. ծնած Սալմաստի Փայաջուկ գիւղին մէջ. բայց այս գրողը ունեցաւ այնպիսի ՀամաՀայկականութիւն մը, որ քիչեր կը մտածեն այն մասին, որ Ռաֆֆին իրանաՀայ գրող է: Ռաֆֆին ծնած Էր Հայաստանի սիրտէն։ Ան, լռած Հրաբուխի մը ժայթքող լաւան էր: Եթէ խօսելու ըլլանք թարգմանական գրականութեան մասին, դարձեալ պիտի կեդրոնանանք իրանաՀայու մը անունին վրայ, որուն թարգմանութիւնները Շէյքսբիրէն, մինչեւ այսօր կը մնան անգերազանցելի: Երկու անուն տուինք։ Ռաֆֆի և ՅովՀաննէս Խան ՄասեՀեան: Երկուքն ալ իրանաՀայ, երկուքն ալ անգերա– զանցելի, իրանաՀայ գրականութեան կշիռ տուող մարդիկ։ Եթէ բանաստեղծութեան մէջ Գալուստ Խանևնց անուն մը դարձաւ իրանաՀայ գրողներու փաղանգին մէջ, և արձակի մէջ՝ Անդրանիկ Սարեանը ու Յակոբ Կարապենցը, այդ իրողութիւնը, այս երեք գրողները քչիկ մըն ալ կը պարտին այն Հանգամանքին, որ իրենց գործերը տպա– գըրուեցան Սփիւռքի տարրեր պարբերականներուն մէջ։ Արմանտը չէ տարած այդ աշխատանքը: Նախ, որպէս բանաստեղծ, ուշ իջած է Հրապարակ, և յետոյ տարիներով իր ձայնը լսելի եղած է միայն Իրանի սաՀմաններէն ներս։

                  . 2 .