Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/143

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Անկէ յետոյ, ուր ալ տեսնէի զինք, կըսէի ես ինծի.—
այս մարդը ինչպէս կը գրէ, ինչպէ՛ս հայերէն լեզուով
կը գրէ, երբ իր գրածին ապրելուն մասին թերահաւատ է:

Տասնեօթ տարի անցած է մեր այդ տեսակցութենէն:
Հիմա, տխրութեամբ է որ կը գրեմ այս տողերը: Բայց
արդեօ՞ք սխալած եմ: Արդեօ՞ք գրողը ունէր խորունկ ցաւ
մը, զոր իր հետ տարաւ կամ նախընտրեց տանիլ յաւիտենական
լռութեան գիրկը 1969–ին...

Ուրիշ առիթով մը, երբ բաժակ կը բարձրացնէի հայ
բանաստեղծի մը կենացը, ու կըսէի.

— Կուզեմ տեսնել այն օրը, երբ թոռներս քու
բանաստեղծութիւններդ պիտի արտասանեն, - ընդմիջեց
զիս մէկէն.

— Երանելի Թորոս, միամի՜տ տղայ, կարծում է իր
թոռները պիտի կարողանան իմ բանաստեղծութիւնները
արտասանել...

Սակայն այսօր, յամի Տեառն 1980–ին, իմ երկու
թոռնուհիներս, Նուշիկն ու Նանորը, տակաւին հինգ եւ
երեք տարեկան, սորվեր են Մեսրոպին դարբնած սուրբ
տառերը, արդէն կը գրեն իրենց եւ իմ անունը, կարտասանեն
հայերէն բանաստեղծութիւններ, ինչ փոյթ թէ
սուրիական հոգին վրայ:

Կերեւի ժամկէտը սխալ տուած էի, պէտք էր խօսէի
թոռնորդիներուս ալ մասին...

Առանց հաւատքի ոչ ոք ունի իրաւունք գրիչ շարժելու:

Գրելը միմիայն տաղանդի հարց չէ, գրելը ամէնէն
առաջ հաւատքի՛ գործ է։

— Ներէ, ինծի, Գարեգին Սեւունց, եթէ ես սխալ
հասկցայ քեզ այն հեռաւոր օրը, Երեւանի Ծածկած շուկայի
աստիճաններուն վրայ: