Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/151

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ւակ, Մկրտիչ Արմէն, Վիգէն Խեչումեան, էդուարդ Թոփճեան,
Քրիստափոր Թափալցեան:

Ուրեմն, կասեան փողոցի գրողներու յատկացուած
շէնքին առաջին կամարակապ դուռէն ներս մտայ ու դարձայ
աջ, երկրորդ մուտքի աստիճաններուն վրայ կանգնած
գտայ Քրիստափոր Թափալցեանը: Իր աչքերը չէին ուղղուած
դէպի հորիզոնը, այլ սեւեռած էին պատի մը. տարւեցայ
մտածելու թէ մարդուն երեւակայութեան առջեւ
որեւէ պատ, նոյնիսկ այդ ըլլայ կրանիթեայ, չի կրնար
պատուար մը ըլլալ:

Ինչե՜ր չէր տեսած այս մարդը: Տեսած էր հայրենական
պատերազմ: Ատոր արդիւնքն էր արդէն «Պատերազմ»
վէպը: Քիչ ողբերգութիւններ կային այդ Վէպին
մէջ կամ քիչ սխրանքներ մարդուն հոգին Վեհացնող: Այդպէս
կանգնած, թափանցող հայեացքով, Վիպագիրը մարտական
տեսարան մը կը պատկերացնէր թէ կապրէր իր
հերոսներէն մէկուն հետ... Գուցէ նոր ստեղծագործութեան
մը ծրագիրն է որ կը գծէր այդ պատին վրայ՝ մտասոյզ...

Բարեւ մը, եւ արթնցաւ մէկէն. պահ մը զարմացած
նայեցաւ դէմքիս: Վիգէն խեչումեանին բնակարանը հարցուցի:
Ապսպրուած ժպիտ մը իջաւ դէմքին: ԱնմիջապԷս
ցոյց տուաւ խնդրածս:

Բարձրացայ վեր, իր խոհերուն հետ առանձին ձգելով
Թափալցեանը:

Դրան վրայ կար Խեչումեանին անունը: Զանգը
զարկի: Մնացի անպատասխան: Դարձեալ փորձեցի:
Սպասեցի: Անօգուտ: Երբ աստիճաններէն վար կիջնէի,
Թափալցեանը գտայ իր քիչ առաջուան դիրքին մէջ:

— Ի՞նչ է, երեւի տանը չեն:

– Ոչ: Զանգս անպատասխան մնաց:

— ԹԷ որ այդպէս է, անցնենք մեր մօտ:

Այնքան անմիջական Էր առաջարկը ու հայկական,
որ ես ժամանակ իսկ չունեցայ պատասխանելու: Աւելի
ճիչդը՝ իրեն հետեւիլս եղաւ:

Մտանք իրենց տունը: