Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/278

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Բաժակաձառեր իրարու կը յաջորդէին: Ես կը մտածէի:
Հայ գրողը երբ հասած էր այս փառքին։ Ե՞րբ
պաշտպանած էր թէզ մը ու գնահատանքի անվերջ ծափեր
ստացած: Ե՞րբ կարելիութիւն ունեցած Էր հարիւրեակ մը
մարդ հրաւիրելու, որոնք ժամերով նստէին, ուտէին-խմէին,
կենացներ պարպէին, առատութեան եղջիւրներէն
յորդէին գինին ու հայկական քոնեաքը: Վստահ եմ,
Նաւասարդեան տօներն անգամ այոքան խանդավառ չէին
անցեր:

Երբ բաժակաճառը խօսելու կարգը ինծի հասաւ,
ելայ ոտքի ըսելու համար.

— Սիրելի՛ բարեկամներ, հարազատներ, այսօր, երբ
բոլորս, ուրախութեամբ, նաեւ հպարտութեամբ, եկած
ենք շնորհաւորելու մեր սիրելի Լեւոն Հախվերտեանի
փայլուն յաջողութիւնը, որ տարիներու լարուած ճիգի
արդիւնք է, եկան ենք շնորհաւորելու վերլուծող, խորաչափող
քննադատը մեր բարեկամին մէջ, ինծի կը թուի,
թէ մտահան ընելու չենք եւ առիթ է որ խօսինք այս սերունդը
քանի մը տասնամեակներով կանխող այն քննադատներուն
մասին, որոնք ճամբայ բացին մեր այսօրուան համար:
Պէտք չէ մոռնանք նաեւ այնպիսիները, որոնք Չարենցը
յայտնագործեցին: Այս առիթով, բաժակս բարձրացնելով
սիրելի Լեւոնին կենացը, ես չեմ մոռնար խմել
նաեւ կենացը գրական ներհուն քննադատ եւ մշակոյթի
շտեմարան, տարագրութեան մէջ մահացած՝ Նիկոլ Աղբալեանին:
Այդ կամաւոր տարագիրը, այս հողին վրայ
պէտք էր ապրէր: Այդ կամաւոր տարագիրը մեռաւ այս
հողին կարօտովը, միայն այս հողին կարօտէն:

Վայրկեան մը տիրեց խոր լռութիւն: Բայց յետոյ
բաժակները շրխկացին:

Այդ դէպքը գացեր պատմեր են տիկին Աղբալեանին:
Ես ուշացումով հանդիպեցայ իրեն: Աղբալեանները ըստացած
էին նոր բնակարան Բարեկամութիւն կոչուող պողոտային
վրայ: Ուրախ էին: Տիկին Աղբալեանը համբուրեց
զիս: Իր սպասածին չէր հասած տակաւին: Այսպէս
յիշուիլը սակայն ուրախալի կէտ մըն էր Աղբալեաններու
կեանքին երկար պատմութեան մէջ: