Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/279

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Աւարտեցի բժշկական ինստիտուտը: Պիտի վերադառնայի
Հալէպ: Վերջին գիշերը, Ռաֆայէլ Արամեանը
մեր տունն էր.

— Կը գամ,– ըսաւ,- վաղը կը գամ օդանաւակայան։

Եկաւ: Եկած էին ինծի շատ սիրելի շատ ընկերներ:
Եկած էին անմոռանալի Գրիգոր Քեշիշեանը, Գրիգոր
Պեքմեղճեանը, Յակոբ Յակոբեանը, եկած էին շատեր:

Սպասումի ժամանակը վերջ գտաւ: Պէտք էր ուղղուէի
դէպի օդանաւ. սկսան յուզիչ ողջագուրումները բաժանումի:
Ռաֆայէլը մէկ կողմ կանգնած էր: Յանկարծ,
պոկուեցաւ տեղէն, կարծես անտես Տորք Անգեղ մը արմատախիլ
ըրաւ ծառ մը հսկայ, ու այդ ծառ–Ռաֆիկը վրաս
եկաւ, փաթթուեցաւ ինծի ու տամկացած աչքերը դէմքիս
քսելով.

— Արա, մի նուէր էլ չբերեցինք, մի յուշանուէր,
տօ այսինչ մարդ ենք,— ապա ձեռքերը տարաւ գրպանները
ու բան մը չգտնելով հանեց թեւէն իր ժամացոյցը ու թեւիս
անցընելով ըսաւ.

— Թորոս ջան, Սփիւռքում թող այս հայրենական
ժամացոյցը միշտ յուշի քեզ, մայր հողի վրայ մեր անցուցած
ժամերը, տարիները: Գնա՛, Թորոս ջան,
դու կորած մարդ չես, մենք ամբողջ սրտով քեզ ենք...

Արցունքով բարձրացայ օդանաւ...

Սիրելի, յաւէ՜տ սիրելի Ռաֆիկ, տուած ժամացոյցդ
տարիներով եղաւ յուշարար մը ինծի համար,
չսխալող յուշարար մը, բայց ժամացոյց էր, մարդ չէր որ
դիմանար օտարութեան...

Դուն ու Գրիգորը եկաք ողջերթ մաղջելու ինծի,
բայց ես, բայց ես կը մտածեմ հիմա, չկրցայ գալ ճամբու
դնելու ձեզ դուք առանց լուր տալու մեկնեցաք։

Ռաֆիկ սիրելի, կը յիշեմ մեր վերջին հանդիպումն
ալ Բագրամեան պողոտային նայող, Մասիսներուն նայող