Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/10

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

արժանի ըլլայ մեծագործութիւններուդ, ըլլա՛յ վկայութիւն
մը այսօրիդ մասին, որ վաղուանդ կրանիթեայ պատուանդանն
է։ Այդ պատուանդանին շնորհիւ, երկփեղկուած
մեր երկիրը կը դիմէ ու պիտի դիմէ դէպի իր ամբողջացումը,
արգանդի մէջ մօրենական արիւնով սնանող
պտուղէն նման, որ վաղը իր ներկայութիւնը պիտի գոռայ
զինք չտեսնող աշխարհին...։

Սարե՞րդ երգեմ, երկի՛ր վաթսունամեայ ու բազմադարեանդ
թէ ծաղիկներդ, մխացող Արարա՞տդ երգեմ թէ
Վանայ ծովդ, սգաւոր, երգեմ Սեւա՞նդ Արփայով երիտասարդ
թէ Քսենեֆոնեան տուներէդ ետք, ծաղիկներու պէս
բացուող կառոյցներդ տուֆաշէն։

Երկի՛րդ այս նոր արշալոյսիդ սեմին, աստղային
խօսքեր ունին քեզի համար բանաստեղծներդ:

Այլ ես, հեռաւոր ու տարագիր որդիդ, ես՝ որ բախտաւորութիւնը
ունեցայ եօթը տարի ըմպելու ցայտաղբիւրներուդ
անապական ջուրէնդ ես՝ եօթն անգամ երախտագէտ
որդիդ, ինչպէ՜ս երգեմ քեզ։

Շուարումի հարցականը չէ, որ արգելք կ'ըլլայ գրիչս:
Յարութեան գազափարը, մենք տակաւին մանուկդ
դրոշմուած էր մեր մատաղ ուղեղներուն՝ մեր սիրալի ուսուցիչներուն
ձեռքով: Յարութեան գաղափարը մեր միտքերուն
մէջ կրօնական պատկեր մըն էր ո՛չ շօշափելի:

Սակայն գոյութիւնդ հազարամեայ, մանաւանդ մաքառումներդ
այս վաթսունամեայ եւ իրագործումներդ՝
տեսանելի անգամ թշնամիներէդ, Յարութեան գաղափարը
պայծառացուցին մեր միտքերուն մէջ, եւ ինչ որ անշօշափելի
էր երէկ, դարձաւ յստակ ու տիրական՝ մեր մատներուն
տակդ մեր աչքերուն դիմաց, մեր հոգիին մէջ։

Յարութիւն, այդ՝ դուն ես մերօրեայ Հայաստան:

Յարութիւն, այդ՝ դուն ես յաւերժական հայ ժողովուրդ: