Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/101

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

— Մեր տղայ, էդ ի՞նչ ես անում, կարծես գողութեան
ապրանք ես տեղաւորում։ Վերադարձրու, վերադարձրու,
դու էլ ես գժի մէկը, ինչպէս այդ Պէյրութի
Սիմոնեանը, մէկ էլ տեսար, տարար արտասահման եւ
հրատարակեցիր: Վաղահաս Է։ Չեմ ուզում ոչ մի տեղ
հրատարակել այս մտքերը։ Թող մնան: Հանգստանան:
Ալեկոծուելուդ, գուցէ խառը մտքեր սպրդած լինեն տողերի
արանքում։ Թող մնան առ այժմ: Թէ ուզում ես, կարող
ես կարդալ հենց այստեղ:

«Գողօն»ը ձեռքիս էր։ Կրնայի առնել դուրս գալ։
Քայլ մըն ալ առի, բայց Պրոֆեսորին ձայնը կեցուց զիս։
Դիրք գրաւեցի սեղանին մօտ եւ սկսայ կարդալ։

Հասրաթեանին սիրտի շրջանին ցաւերը բազմապատկուեցան:
Երկարեցաւ տիւանին վրայ, կօշիկներովդ,
խնդրելով որ ձեռքիս ուսումնասիրութիւնը կարդամ ես
ինծի համար։ Այսինքն ոչ բարձրաձայն:

Ինք մնաց պառկած, ձեռքը սիրտին, կարծէք
կուրծքին ցաւերը ափին մէջ սեղմելու համար։ Ես կարդացին
եւ քանի յառաջացայ ընթերցումիս մէջ, հաստատեցի
որ դիմացս պառկած մարդը երկու տառապող սիրտ
ունի, մէկը իր կուրծքին տակ, միւսը թուղթերու այն
տրցակին մէջ, որ աչքերուս դէմ կալեկոծէր...

Հայ—պարսկական յարաբերութիւնները նոր լուսարձակի
մը տակ առնուած էին այդտեղ: Ու պէտք է ըսել,
գէթ ինծի համար՝ առաջին անգամ: Իրանը դիտուած էր
ոչ միայն պատմութեան ընդմէջէն, այլեւ այսօրուան
իմաստով։ Ու այսօրը պէտք Էր ծնէր վաղը։

Պատմաբան Հասրաթեանը առաւելապէս կանգ առած
էր Հայ—իրանեան ապագայ յարաբեբութիւններու սերտացումի
կէտին վրայ։ Կարծես մատով ճնշած էր ելեկտրական
զանգին կոճակը ու այդպէս մնացած, որ զանգը անցոլք
հնչէր եւ քնացողները արթննային անսովոր այդ ցնցումէն...

Կը կարդայի ու կը մտածէի. ինչո՛ւ համար մենք,
հայերս, միշտ ուշ կարթննանք: Ինչու մեր դրացին իսկ
լաւ չենք ճանչնար: Ոչ միայն սահմաններով բաժնուած
դրացին այլեւ մեր ամէնօրեայ ազատ ելեւմուտին համար