Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/102

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

բաց սահմանով դրացին: Ժամանակ չունինք ուսումնասիրելու,
մա՞րգ կը պակսէ մեզի։ Քաղաքական հոտառութի՞ւն
չունինք, թէ մէկը մեր արծիւի կտուցէն օղակ անցուցած
է վախնալով անոր ոյժէն։

Մտածեցի ընթերցումէս ընթացքին, մտածեցի ընթերցումէս
ետք, ու հիմա ալ կը մտանեմ թէ ճիշդ է,
Իրանը մեզի համար կարեւոր դրացի է, մեր պարսկահայ
գաղութը առաւելութիւններ ունի բաղդատելով միւս գաղութներուն
հետ։ Բայց արդեօք, մենք, բոլոր գաղութներու
մէջ ալ պէտք չէ՞ սերտացնենք մեր յարաբերութիւնները
տեղացի ժողովուրդներու հետ:

Մեծ պետութիւններ հսկայական գումարներ կը
ծախսեն գաղութներ ստեզծելու, կապեր հաստատելու համար
այլազան երկիրներու հետ, միշտ եւ միայն առաջնորդուելով
տնտեսա–քաղաքական շահերէ: Անգլիացի մը,
հոլանտացի մը, ֆրանսացի մը, ամերիկացի մը, մերթ
որպէս բուրդի վաճառական, մերթ որպէս թուրիսթ, մերթ
որպէս հնագիտական պեղումներու մասնագէտ եւ կամ
իբրեւ մշակութային գործիչ ու միսիոնար, կը շրջի այսպէս
յորջորջուած յետամնաց երկիրներու մէջ, նոր շահերու
կռուաններ, բարոյական, մշակութային ու գործնական
կռուաններ ունենալու, ստեղծելու առաջադրանքով:

Մենք, անկախ մեր կամքէն, ունեցած ենք գաղութներ:
Ինչո՛ւ չօգտագործենք այս պատեհութիւնը յանուն
մեր ժողովուրդի այսօրուան եւ մանաւանդ վաղուան շահերուն:

Սփիւռքը հարստութիւն մըն է հայրենիքին համար,
անկասկած: Պէտք է գիտնանք շահարկել այդ հարստութիւնը
իմաստուն եւ հեռատես ձեւերով:

Այս միտքերս յայտնեցի Պրոֆեսորին, որ տակաւին
պառկած դիրք ունէր, եւ աւելցուցի.

— Ընկե՛ր Հասրաթեան, շատ կը խնդրեմ, որ այս
գրութիւնը ետ չվերցնէք ինձմէ: Իրապէս, կարժէ որ տանիմ
ու հրատարակեմ այս գործը: Նախ, անկեղծօրէն
ըսեմ, որ այստեղ նոր միտքեր կան, իրագործելի միտքեր,
եւ յետոյ, կրնանք Իրանի մասին ձեր յայտնած այս մտածումները
պատշաճեցնել մեր բոլոր գաղութներուն: