Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/105

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Կը սիրէի իր քլալուածքին հաստատուն ընթացքը,
սակայն միշտ գետնին յառած իր նայուածքը անասելի
տխրութիւն մը կը բերէր վրաս:

Այդ օրերուն, շատ անգամ ուզած եմ կեցնել զինք,
խօսիլ հետը ու ըսել.

— Ընկե՛ր Զարեան, 1950 թուականին, ես, համեստ
ընթերցողը մեր գրականութեան, յօդուած մը գրած եմ
ձեր մասին «Կեանքի Առաջին Կիսադարը Նայիրի Զարեանին»
խորագիրով եւ Հալէպէն Փտրիզի «Ազատ Խօսք»ին
զրկած զայն:

Չէի համարձակեր, որովհետեւ ի զուր կը փնտռէի
որ իր նայուածքը բարձրանար կամ դառնար շուրջբոլորը...:

Նաիրի Զարեան իր կեանքի երկրորդ կիսադարին
մէջ ապրեցաւ շուրջ քսան տարի: Ստեղծագործեց մինչեւ
իր վերջին օրը: Տխրութիւնը եղաւ բաժինը իր կեանքի
վերջին տասնամեակին: Այլ յամառօրէն շարունակեց ըստեղծագործել։
Շատեր չէին ներած իրեն՝ ցրտաշունչ տարիներու
իր ելոյթները նկատի ունենալով: Բայց ինք...
Քաջութիւնը չպակսեցաւ իրեն դիմելու իր ժողովուրդին
ներողամտութեան, արձակով, բերանացի, թէ բանաստեղծութեամբ:

Ահա Գրողներու Տունին մէջ ենք: Հոն են տասնեակներով
գրիչի մշակներ: Անոնց մէջ է Նաիրի Զարեան։
Օրուան գլխաւոր հարցերէն մէկը մեր լեզուին զոյգ ուղդագրութիւն
ունենալու հարցն է: Ոտքի կելլէ «Ձայն Հայրենական»ի
հեղինակը Սիփան սարի կարծրութեամբ ու վեհութեամբ
եւ կը յայտարարէ.

— Չկայ երկու ճանապարհ մեր ուղղագրութեան համար,
որ նստենք ընտրութիւն անենք: Ճիշդ ու միակ ճանապարհը
վերադարձն է մեր՝ գէպի Մեսրոպեան ուղղագրութիւնը։

Անխտիր, բոլոր ներկաները համաձայն են: Քիչ անգամ
տեսնուած միասնակամութիւն, պիտի ըսէին ոմանք:
Բայց մենք հայերս, անհրաժեշտութեան հրամայականին