Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/107

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Չորս կողմէն պոռացին. «Տլէ–եաման», «Տլէ—եաման»:

Կերեւի թէ երգիչի համբաւ ալ ունէր ան: Մինչ այդ
չէի լսած բանաստեղծին երգելը:

Ու ահա խոր լռութեան մէջ, կարծես պատարագի
մը ներկայ ըլլայինք, մենք լսեցինք Նայիրի Զարեանի
«Տլէ-եաման»ը...

Եթէ նկարիչ ըլլայի կամ քանդակագործ, անպայման
կը փորձէի պաստառին, կամ քարին յանձնել Նայիրի
Զարեանի դէմքին գիծերը «Տլէ–եաման»ը երգած պահուն...

Անձ մը չէր ան այլեւս այդ պահուն, այլ տառապած
ամբողջ ժողովուրդ մը։

Պէյրութէն, լուսանկարիչ Վարուժան Սեթեանը
եկած էր Հայաստան: Մէկ նպատակ ունէր — նկարել Հայասատանն
ու մեր գրողները գունատիպ եւ Լիբանան վերադարձին
կազմակերպել ցուցահանդէս մը։

Այդ կապակցութեամբ, օրերով ընկերացայ Վարուժանին,
որպէս նախկին արուեստակից եւ օգնեցի իրեն։

Ահա Նայիրի Զարեանի տունն ենք։ Հեռաձայնային
խօսակցութեամբ մը կանուխէն ժամադրուած ենք եւ գրողին
յայտնած մեր այցելութեան նպատակը։

Տուն չհասած, մայթին վրայ, բարեկամ մը մեզ կը
կեցնէ եւ կը խնդրէ որ հանդիպակաց մայթէն քալենք։ Ու
զարմացական մեր հայեացքը որսալով կաւելցնէ.

— Չէ՞ք տեսնում, այս որսորդական իրեր Վաճառող
խանութի ցուցափեղկում վագր կայ։

— Բայց, տիկ հանած վագր է ատիկա...:

— Յամենայն դէպս զգուշութիւն լաւ բան ի։

Այդ խանութի չէնքին մէջ էր Նայիրի Զարեանի
տունը: Ան մեզ կընդունի ջերմօրէն։ Վարուժանը կը նկարէ
զինք։ Բանաստեղծը երկուքիս ալ կը նուիրէ իր «Արա
Գեղեցիկ»էն մէկ—մէկ օրինակ։ Ինծի նուիրած իր գիրքին
մէջ, մակագրած է ան.